Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան «Բ. Պունտըսլիկա»-ի 24-րդ հանգրուանին, նախորդ շաբաթավերջին Եան Ռեկենսպուրկ 2-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Հայտընհայմ-1846-ի դաշտէն:
Հիւր կազմին յաղթանակի կոլը նշանակեց Սարգիս Ադամեան` 58-րդ վայրկեանին:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Ադամեան, որ յաջորդաբար երկրորդ մրցումն ըլլալով կոլի հեղինակ կը դառնայ, իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայանալով, 87-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
Ան այսպիսով նշանակեց տարեշրջանի իր 10-րդ կոլը:
Անոր կազմը այժմ ընդհանուր դասաւորման մէջ կը գրաւէ 8-րդ դիրքը (36 կէտ)` 12 կէտով ետ մնալով առաջին դիրքին վրայ գտնուող Քէօլնէն:
2-րդ դիրքին վրայ կը գտնուի Իւնիըն Պերլին, որ ունի 44 կէտ:
Իսկ երրորդ դիրքին վրայ գտնուող Համպուրկ, որ ունի 44 կէտ, այսօր ժամը 21:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) մրցում մը ունի կատարելիք (իր դաշտին վրայ) Կրէօթըր Ֆուրթի դէմ (12-րդ):



