Մարզական

Հայկական Ֆութպոլ. Այսօր Կը Վերսկսի Հայաստանի Ախոյեանութիւնը

Բաւական երկար տեւած ձմեռնային դադարէ մը ետք, այսօր` շաբաթ, 2 մարտին, կը վերսկսի Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան երկրորդ բաժինը: Այսօր Ալաշկերտ կը հիւրընկալէ Փիւնիկը, իսկ Արարատ - Արմենիա` Արարատը: Վաղը Լոռի հիւրը կ՛ըլլայ Շիրակի, իսկ Բանանց` Արցախի: Ստորեւ` դասաւորման պատկերը.   Յ. Հ. Պ. ԿԷՏ 1.- Ալաշկերտ 10 3 4 33 2.- Բանանց 9 2 6 29 3.- Փիւնիկ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր Կը Սկսի Աղջկանց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2018-2019 Տարեշրջանը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը ՀՄԸՄ Անթիլիաս Կրնայ Ապահովել Աւարտականի Իր Տոմսը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանի (ֆայնըլ-ֆոր) մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 3 մարտին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս - Հուփս երրորդ մրցումը: Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմը այժմ 2-0 արդիւնքով կը գերազանցէ իր մրցակիցը, նախանցեալ օր իր արձանագրած երկրորդ յաղթանակէն ետք: ՀՄԸՄ իր երկրորդ յաղթանակը...

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պէյրութ Տպաւորիչ Յաղթանակով Մը Սկսաւ Դարձի Մրցումները

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի առաջին հանգրուանին ծիրին մէջ իր կատարած մրցումին, ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց կազմը արձանագրեց տպաւորիչ յաղթանակ մը, երբ 5-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց «Կլոպըլ» համալսարանին կազմը: ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Շանթ Պալեան, Սեւակ Օհանեան, Երուանդ Մանասերեան, Մհեր Սիւրմենեան եւ Միքայէլ Նորաշխարհեան: ՀՄԸՄ Պէյրութ իր յաջորդ մրցումը կը կատարէ այսօր` շաբաթ, 2 մարտին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, երբ Մուժամահ Նեպիհ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր Կը Սկսի Աղջկանց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2018-2019 Տարեշրջանը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Հուփս – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտականի (ֆայնըլ-ֆոր) մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 28 փետրուարին, տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս - Հուփս երկրորդ մրցումը: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ (Պաուշրիէ), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին: ՀՄԸՄ Անթիլիաս այժմ 1-0 արդիւնքով կը գերազանցէ իր մրցակիցը: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:

Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն.  Այսօր Կը Սկսի 2015-2016 Տարեշրջանը

Ֆութսալ. Այսօր` Միջազգային Համալսարան – ՀՄԸՄ Պէյրութ

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 28 փետրուարին, ՀՄԸՄ Պէյրութ կը մրցի Միջազգային համալսարանի կազմին դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Սատի դաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 21:00-ին: ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի ամէն գնով յաղթանակ արձանագրել, իսկ համակիրներէն` ուղղուիլ դաշտ` քաջալերելու համար իրենց կազմը: Այս մրցումէն ետք ՀՄԸՄ Պէյրութ յաջորդաբար...

Մամլոյ Ասուլիս` Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Ընդհանուր Տնօրէնութեան Կեդրոնատեղիին Մէջ

Մամլոյ Ասուլիս` Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Ընդհանուր Տնօրէնութեան Կեդրոնատեղիին Մէջ

Երէկ` չորեքշաբթի, 27 փետրուար 2019-ին, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութեան կեդրոնատեղիին մէջ (Էշրեֆիէ) տեղի ունեցաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին յայտարարուեցաւ 7 ապրիլ 2019-ին Ներքին ապահովութեան ուժերուն կազմակերպելիք կէս մարաթոնին մասին (21,1 քմ): Այս տարեկան 12-րդ կէս մարաթոնը տեղի պիտի ունենայ «Միասնաբար` դէպի աւելի ապահով ընկերութիւն» կարգախօսին ներքեւ: Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան բազմաթիւ հրաւիրեալներ, բարձրաստիճան զինուորականներ, մարզական լրագրողներ: Անոր...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր Կը Սկսի Աղջկանց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2018-2019 Տարեշրջանը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Պէյրութ – Պիպլոս

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութիւնը, որ շուրջ ամիսէ մը ի վեր դադարի մէջ է, այսօր` հինգշաբթի, 28 փետրուարին կը վերսկսի Պէյրութ - Մութթահետ դարձի 5-րդ հանգրուանի բացման մրցումով: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Շիահի մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:00-ին: Վաղը` ուրբաթ, 1 մարտին, որեւէ մրցում տեղի պիտի չունենայ: Շաբաթ, 2 մարտին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Միայն Երկու Ակումբներ Տուգանք Ստացան

Շաբաթասկիզբին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը գումարեց շաբաթական իր հերթական ժողովը` ներկայութեամբ իր անդամներուն մեծամասնութեան: Նիստէն բացակայեցան Ռեմոն Սըմաան, Ահմետ Ամարէտտին եւ Ուաէլ Շեհայեպ: Յայտարարուեցաւ, որ Լիբանանի ֆութպոլի Ա. եւ Բ. դասակարգերու ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանին ազդանշանը պիտի տրուի 20 սեպտեմբեր 2019-ին: Մարզիկներու (օտար) ամառնային փոխանցման ժամանակամիջոց ճշդուած է 1 յուլիս 2019-էն 17 սեպտեմբեր 2019: Իսկ ձմեռնային փոխանցման համար` 8 դեկտեմբեր 2019-էն 7...

Ճատրակ. «Այրոֆլոթ»-Ի Մրցաշարք. Մարտիրոսեան Երկու Ուրիշներու Հետ` Առաջին Դիրքին Վրայ

Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի նորեկ Հայկ Մարտիրոսեան կը շարունակէ իր յաջող ելոյթները Մոսկուայի մէջ կատարուող ճատրակի «Այրոֆլոթ»-ի միջազգային մրցաշարքին գծով: 8-րդ հանգրուանին ան սեւ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրելով ռուս Ալեքսէյ Սարանայի հետ, իր տրամադրութեան տակ ունեցաւ 6 կէտ: Ան հնդիկ Քրիշնան Սաշիքիրանի եւ էսթոնիացի Քայիտօ Քուալաոցի հետ միասին կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը: 4-9-րդ դիրքերը 5,5-ական կէտով կը բաժնեն 6 ճատրակ...

«Էն. Պի. Էյ.» Հիւրընկալ Երեք Խումբերն Ալ` Յաղթական

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան երեք մրցումներ, որոնց ընթացքին հիւրընկալ երեք խումբերն ալ յաղթեցին: Նիւ Եորք Նիքս յաղթեց Օրլանտօ Մեճիքին (108-103), Թորոնթօ Ռեփթըրզ` Պոսթըն Սելթիքսին (118-95), իսկ Տենվըր Նակեթց` Օքլահոմա Սիթիին (121-112): Նակեթցէն Նիքոլա Ժոքիչ նշանակեց 36 կէտ, մինչ Օքլահոմայէն Փոլ Ճորճ` 25 կէտ: Երէկուան այս երեք մրցումներէն ետք, այժմ արեւելեան եւ արեւմտեան շրջաններուն դասաւորումը...

Պրենտըն Ռոճըրզ` Լայսթըր Սիթիի Նոր Մարզիչ

Սկովտիական Սելթիքի մարզիչ Պրենտըն Ռոճըրզ պաշտօնապէս գլխաւորեց անգլիական «Փրեմիեր լիկ»-ի կազմերէն Լայսթըր Սիթին, յայտնեց ակումբին կայքը: Հիւսիսային իրլանտացի 46 տարեկան մասնագէտը խումբին հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրեց մինչեւ յունիս 2022: Ռոճըրզ 2016-էն ի վեր ըլլալով Սելթիքի մարզիչ, անոր հետ 2 անգամ հանդիսացած է Սկովտիոյ ֆութպոլի ախոյեան: Ան նախապէս «Փրեմիեր լիկ»-ին մէջ պաշտօնավարած է` ըլլալով Սուանզիի (2010-2012) եւ Լիվըրփուլի (2012-2015) մարզիչ:

Պաչքով 2020-ի Ողիմպիական Խաղերուն Կը Պատրաստուի Միացեալ Նահանգներու Մէջ

Եւրոպայի կռփամարտի ախոյեան Յովհաննէս Պաչքով բժշկական ամբողջական հետազօտութիւն կը կատարէ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Թոքիօ-2020-ի ողիմպիական խաղերուն լաւապէս նախապատրաստուելու համար, ան Միացեալ Նահանգներու մէջ պիտի ունենայ ֆիզիքական պատրաստութեան հանգրուան, ինչպէս նաեւ շարք մը մենամարտեր պիտի կատարէ աշխարհահռչակ կռփամարտիկներու դէմ: Այս բոլորը տեղի կ՛ունենան Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Արթուր Գէորգեանի անձնական միջոցներով, յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս 36 Կէտի Տարբերութեամբ (76-40) Յաղթեց Հուփսին

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտականին (ֆայնըլ-ֆոր) իր կատարած առաջին մրցումին, երէկ գիշեր Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Հուփսը: ՀՄԸՄ տպաւորիչ եւ բացառիկ ելոյթ մը ունենալով արձանագրեց 76-40 արդիւնքով յաղթանակ մը (22-7, 19-9, 21-13, 14-11): Ինչպէս նկատելի է, ՀՄԸՄ տիրապետեց չորս քորթըրներուն ալ, մանաւանդ առաջինին: ՀՄԸՄ-էն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց...

Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Կրտսերներու Խմբային Ախոյեանութիւնը Հասաւ Իր Աւարտին

Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած Լիբանանի 2019-ի տղոց եւ աղջկանց կրտսերներու խմբային ախոյեանութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ)` մասնակցութեամբ 45 ակումբներու, հասաւ իր աւարտին: Տղոց ախոյեան հանդիսացաւ Ղատիր Ժըպշիթ, որ աւարտականին 3-1 արդիւնքով յաղթեց Լիուա Սայտային: Ինչ կը վերաբերի աղջկանց աւարտականին, Նատուա Քումաթիէ նոյն արդիւնքով յաղթեց Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմային: Ախոյեանութեան աւարտին Լիբանանի փինկ...

Արթուր Գէորգեան. «Մարզաշխարհին Մէջ Կը Տիրէ Վախի Մթնոլորտ. Ծառուկեանը Պէտք Է Հրաժարական Տայ»

24 փետրուարին Երեւանի «Տինամօ» մարզահամալիրին մէջ սկսաւ Հայաստանի կռփամարտի երիտասարդներու ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հայաստանի բոլոր մարզադպրոցները, բացի` Վ. Ենգիբարեանի անուան մարզադպրոցէն, որուն տնօրէնն է Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի մտերիմը` Սամուէլ Գասպարեան: Ախոյեանութեան սկսելէն առաջ, Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Արթուր Գէորգեան ամբողջութեամբ սուտ որակեց Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին ընդհանուր քարտուղար Հրաչեայ Ռոստոմեանի` երկու օր առաջ...

Ճատրակ. «Այրոֆլոթ»-ի Միջազգային Մրցաշարք. Հայկ Մարտիրոսեան Կ՛արձանագրէ Փայլուն Արդիւնքներ

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող ճատրակի «Այրոֆլոթ»-ի միջազգային մրցաշարքի 7-րդ հանգրուանէն ետք, Հայաստանի հաւաքականի նորեկ Հայկ Մարտիրոսեան կը գտնուի յառաջատարներու շարքին` իր արձանագրած փայլուն արդիւնքներուն շնորհիւ: 7-րդ հանգրուանին ան ճերմակ քարերով շատ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց նախքան այս հանգրուանի մրցումները առանձինը պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող հնդիկ Քրիշնան Սաշիքիրանի դէմ եւ հաւասարեցաւ անոր: Մարտիրոսեան, որ այժմ ունի 5,5 կէտ, Սաշիքիրանի եւ Քայիտօ...

Պասքեթպոլ. 2019-ի Աշխարհի Ախոյեանութեան Բոլոր Մասնակիցները

31 օգոստոսէն 15 սեպտեմբեր, Չինաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ 2019-ի պասքեթպոլի աշխարհի ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ 32 երկիրներու ազգային խումբերուն: Այդ 32 խումբերը պիտի բաժնուին 8 խմբակներու: Անոր վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ 16 մարտին: Մրցաշարքին գործող ախոյեանն է Միացեալ Նահանգներու ազգային խումբը, որ չորս տարի առաջ աւարտականին 129-92 արդիւնքով յաղթեց Սերպիոյ: Ստորեւ` այդ 32 մասնակիցները. ԱՓՐԻԿԷ.- Թունուզ, Անկոլա, Նիկերիա, Սենեկալ, Փղոսկրեայ Ափունք:...

«Էն. Պի. Էյ.»  Ճէյմս Կրիֆին Եւ Տոնքիչ` Թրիփըլ-Տապըլի Հեղինակներ

«Էն. Պի. Էյ.» Ճէյմս Կրիֆին Եւ Տոնքիչ` Թրիփըլ-Տապըլի Հեղինակներ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան 11 մրցումներ: Լեպրոն Ճէյմս (աջին)` երէկուան մրցումին Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ հիւրը եղաւ Մեմֆիս Կրիզլիզին, 110-105 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց, հակառակ անոր որ Լեպրոն Ճէյմս թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (24 կէտ, 12 ռիպաունտ, 11 էսիսթ): Պլէյք Կրիֆին (կեդրոնը, թիւ 9) Իր կարգին, թրիփըլ-տապըլի հեղինակ դարձաւ Պլէյք Կրիֆին (20 կէտ, 10 ռիպաունտ, 10...

Գերմանական Ֆութպոլ. Տորթմունտի Ֆութպոլիստին «Պունտըսլիկա»-ի Մրցանիշը

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին «Պունտըսլիկա»-ի 23-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պորուսիա Տորթմունտ 3-2 արդիւնքով յաղթեց Պայէր Լեւերքուզընին: Գերմանական մարզական մամուլը, անդրադառնալով այս մրցումին, իր կատարած վիճակագրութիւններէն ետք յայտնեց, որ Տորթմունտին եւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող Ճէյտըն Սանչօ «Պունտըսլիկա»-ի մրցանիշ մը հաստատած է: 18 տարեկան Սանչօ դարձած է «Պունտըսլիկա»-ի պատմութեան մէջ 9 կոլ նշանակած ամէնէն...

«Քալչիօ». Ֆիորենթինա – Ինթեր Միլան Մրցումին Իրաւարարը 3 Մրցումով Կախակայուեցաւ

«Ֆութպոլ-Իտալիա» երէկ հաղորդեց, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին որոշումով, իտալացի իրաւարար Ռոցարիօ Ապիսօ կախակայուեցաւ 3 մրցումով: Ան Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 25-րդ հանգրուանին գծով կատարուած Ֆիորենթինա - Ինթեր Միլան մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարն էր: Վերոնշեալ մրցումին, ան 101-րդ վայրկեանին կասկածելի փենալթի մը շնորհած էր Ֆիորենթինային, որ նշանակելով այդ կոլը, արդիւնքը հաւասարեցուցած էր 3-3:  

Page 730 of 1279 1 … 729 730 731 … 1,279

Արխիւներ