«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցան երկու ճակատումներ:
Երթին, Այաքս Ամսթերտամի դաշտին վրայ յաղթանակ մը արձանագրած (2-1) Ռէալ Մատրիտ կը կարծուէր, որ այլ հանգիստ յաղթանակ մը եւս պիտի արձանագրէ իր դաշտին վրայ:
Սակայն հոլանտական կազմը ստեղծեց շատ մեծ անակնկալ, երբ մրցաշարքէն դուրս ձգեց նախորդ երեք տարիներու տիտղոսակիր Ռէալ Մատրիտը` արձանագրելով 4-1 արդիւնքով բաւական մեծ եւ իսկապէս անակնկալ արդիւնք մը, 77 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:
Հոլանտական կազմը իւրաքանչիւր կիսախաղի ընթացքին նշանակեց երկուքական կոլ, մինչ Ռէալէն կարմիր քարտ ստացաւ` Նաչօ Ֆեռնանտես (93-րդ վայրկեանին):
Այսպիսով, մրցաշարքը պիտի շարունակուի առանց իր տիտղոսակիրին:
Երէկուան երկրորդ մրցումին, Թոթենհամ, որ երթին 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր իր դաշտին վրայ` Պորուսիա Տորթմունտին դէմ, երէկ եւս իր յաղթանակը կրկնեց, այս անգամ` 1-0 արդիւնքով: Հերի Քէյն նշանակեց մրցումին միակ կոլը (49-րդ):
Ինչ կը վերաբերի այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն, Փորթօ կը հիւրընկալէ Ա. Էս. Ռոման, մինչ Փարիզ Սեն Ժերմեն` Մանչեսթըր Եունայթըտը: Երթի մրցումներուն, Ա. Էս. Ռոմա եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն արձանագրած են յաղթանակներ` յաջորդաբար 2-1 եւ 2-0 արդիւնքով:
Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: