Երէկ` երեքշաբթի, 5 մարտի յետմիջօրէին, Սաժես ակումբին մէկ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ նորընտիր նախագահ Էլի Եահշուշիի, այցելեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի կեդրոնատեղին (Ժալ Էլ Տիպ), ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապիի եւ փոխնախագահ Էտի Պու Զախըմի հետ:
Եահշուշիին կ՛ընկերակցէին Քամիլ Սաատէ, Էլի Ռեշտան եւ Սամիր Սալեհ:
Անոնք միասնաբար քննարկեցին երկու կողմերուն սերտ յարաբերութիւնները աւելի զարգացնելու կարելիութիւնները:
Եահշուշի շնորհաւորեց Հալապին, որ լիբանանեան պասքեթպոլին ի նպաստ տքնաջան աշխատանք կը կատարէ, իսկ Հալապի յաջողութիւն մաղթեց Սաժեսի նոր վարչութեան:
PROFOTO




