Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Լիբանանի տղոց եւ աղջկանց 14 տարեկանէն վար ազգային խումբերը բաւական կարեւոր իրագործում մը կատարեցին` ապահովելով Ասիոյ ախոյեանութեան իրենց տոմսերը:
Տղոց կազմը հասաւ աւարտականին, բայց պարտուեցաւ Ղազախստանէն (3-0): Նոյնը եղաւ պարագան աղջկանց կազմին համար, որ դարձեալ պարտուեցաւ Ղազախստանէն (2-1):
Ասիոյ ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ այս ամսուան վերջաւորութեան, Մալեզիոյ մէջ: