«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան վեց ճակատումներ:
Գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ հիւրընկալեց Պոսթըն Սելթիքսը, կրեց տարեշրջանի իր 20-րդ պարտութիւնը` 128-95 արդիւնքով: Ուորիըրզէն Սթեֆըն Քարի նշանակեց 23 կէտ:
Հիուսթըն Ռոքեթց 107-95 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Թորոնթօ Ռեփթըրզի դաշտէն: Ճէյմս Հարտեն (Ռոքեթց) նշանակեց 35 կէտ:
Մինեսոթա Վուլվզ, որ հիւրընկալեց Օքլահոմա Սիթին, արձանագրեց 131-120 արդիւնքով յաղթանակ մը: Քարլ – Անթոնի Թոմաս (Վուլվզ) նշանակեց 41 կէտ, մինչ Օքլահոմայէն Ռասըլ Ուեսթպրուք` 38 կէտ:
Ցարդ միայն Միլուոքի Պաքս (արեւելեան շրջան) ապահոված է փլէյ-օֆի մրցումներուն իր տոմսը, իսկ Նիւ Եորք Նիքս եւ Ֆէոնիքս Սանզ, որոնք յաջորդաբար կը գրաւեն արեւելեան եւ արեւմտեան շրջաններու վերջին դիրքերը, պաշտօնապէս դուրս մնացած են փլէյ-օֆի մրցումներէն:




