– Փինկ Փոնկի Մրցումները Աւարտեցան
– Կիրակի, 10 Մարտին Կ՛աւարտին Ֆութպոլի Եւ Պասքեթպոլի Մրցումները
Քասլիքի Ս. հոգի համալսարանի 2-րդ խաղերը, որոնք կազմակերպուած են «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան կողմէ, գրեթէ հասած են իրենց աւարտին` նկատի ունենալով, որ նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցան փինկ փոնկի մրցումները, մինչ կիրակի, 10 մարտին կ՛աւարտին ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի մրցումները:
Փինկ փոնկի մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 90 երկսեռ մարզիկներ` աւելի քան 16 վարժարաններէ:
Փինկ փոնկի մրցումներուն աւարտէն ետք տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: