Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ Ասուլիսի Մը Ընթացքին. ՀՄԸՄ Խստօրէն Քննադատեց Արեւմտեան Ասիոյ Պասքեթպոլի Ախոյեանութեան Նոր Որդեգրած Օրէնքը

March 5, 2019
| Newsletter, Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երկուշաբթի, 4 մարտին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, ՀՄԸՄ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին խստօրէն քննադատեց Արեւմտեան Ասիոյ տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան նոր որդեգրուելիք օրէնքը, որ տեղի պիտի ունենայ 10-14 մարտին, Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ:

Անոր ներկայ գտնուեցան Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի, ֆետերասիոնի անդամ Ճորճ Սապունճեան, փաստաբան Շատի Սաատ, ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի յանձնախումբին ատենապետ Կի Մանուկեան եւ մարզական լրագրողներ:

Իր խօսքին մէջ, Կի Մանուկեան ներկաներուն ուղղուած խօսքէն ետք յայտնեց, որ այս մամլոյ ասուլիսին գլխաւոր նպատակն է պաշտպանել Լիբանանի ախոյեան խումբերը, որոնք զոհ կ՛երթան օրէնքի ապօրինի փոփոխութեան, առանց նախօրօք տեղեակ պահելու այդ ակումբները:

Ան իր զարմանքը յայտնեց, թէ ինչպէ՛ս կրնայ պատահիլ, որ Լիբանանի ախոյեան հանդիսացած ՀՄԸՄ-ին կ՛արգիլուի Ասիոյ ախոյեանութեան մասնակցիլ, նոյնիսկ եթէ անիկա հանդիսանայ Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեան:

Ասկէ մեկնելով, Կի Մանուկեան Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին ուղղելով իր խօսքը պահանջեց, որ անիկա բարեհաճի արագ լուծում մը գտնել այս հարցին` գործածելով իր խիղճը, եւ ՀՄԸՄ-ի չզլանալ այն, ինչ որ կը պատկանի անոր, որուն մէջ կան վեց երկար տարիներու տքնաջան աշխատանքներ, այլապէս, ՀՄԸՄ պիտի դիմէ ՖԻՊԱ-ին:

Իսկ Հալապի խօսք առնելով ըսաւ, թէ ֆետերասիոնը բնականաբար կը կանգնի լիբանանեան ակումբներուն կողքին, այս պարագային` ՀՄԸՄ-ի հետ, նկատի ունենալով, որ ատիկա մեծ վնաս մը կը հասցնէ լիբանանեան պասքեթպոլին:

Ան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով, թէ ինք կը պահանջէ, որ լիբանանեան բոլոր ակումբները զօրավիգ կանգնին ՀՄԸՄ-ին, միեւնոյն ժամանակ յայտնելով, որ շատ արագ կապեր պիտի հաստատուին Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, ինչպէս նաեւ Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Յակոբ Խաչերեանին հետ, որ այս ակումբին զաւակն է` այս հարցին արդար լուծում մը գտնելու համար:

PROFOTO

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Ղազի Պուսթանի Վաղը Կու Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.