Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտականի (ֆայնըլ-ֆոր) ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին Ռիատի Պէյրութ 62-43 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով եւ 3-1 արդիւնքով գերազանցելով Անդրանիկ Պէյրութը, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, ուր իր դէմ կ՛ունենայ Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասը:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 5-14, 10-19, 14-15 եւ 14-14:
Օրուան իրաւարարներն էին` Ատել Խուէյրի, Ժորժ Պաաքլինի եւ Ճենիֆըր Ամուրի:



