«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր կը կատարուին երկու հանդիպումներ: Վաղուան յայտագիրին վրայ եւս կան երկու մրցումներ:
Պորուսիա Տորթմունտ այսօր կը հիւրընկալէ Թոթենհամը, մինչ Ռէալ Մատրիտ` Այաքս Ամսթերտամը: Երկու մրցումներուն ալ ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Երթին Ռէալ Մատրիտ Հոլանտայի մէջ արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, մինչ Պորուսիա Տորթմունտ Անգլիոյ մէջ կրեց 3-0 արդիւնքով քիչ մը ծանր պարտութիւն մը:
Ինչ կը վերաբերի վաղուան մրցումներուն, որոնք դարձեալ պիտի սկսին ժամը 22:00-ին, Փորթօ կը հիւրընկալէ Ա. Էս. Ռոման, իսկ Փարիզ Սեն Ժերմեն` Մանչեսթըր Եունայթըտը:
Երթին, Ա. Էս. Ռոմա 2-1 արդիւնքով յաղթեց Փորթոյին, մինչ Փարիզ Սեն Ժերմեն` Եունայթըտին (2-0), Անգլիոյ մէջ: