Սարսափելի միջադէպ տեղի ունեցած է վերջերս Թուրքիոյ ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան Ամետսփոր – Սաքարիասփոր մրցումին ընթացքին:
Ամետսփորի ֆութպոլիստ Մանսուր Չալար իրեն հետ աննկատ սուր ածելի մը դաշտ մտցուցած է, եւ մրցակից կազմին մարզիկներուն հետ ձեռնուելու պահուն` մրցումէն առաջ, վնաս հասցուցած է մրցակիցներուն:
Վնասուածք ստացած մարզիկները անմիջապէս չեն զգացած ածելիին հարուածները, սակայն աւելի ուշ իրենց մարմնին զանազան մասերուն արիւնոտած վնասուածքներուն լուսանկարները տեղադրած են համացանցին վրայ:
Այս միջադէպէն ետք, Ամետսփորի ղեկավարութիւնը յայտարարած է, որ իրենց ֆութպոլիստը այդպիսի բան չէ ըրած, եւ այդ բոլորը սուտ լուրեր են:



