«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի ծիրին մէջ, երէկ գիշեր եւս, նախանցեալ օրուան նման, տեղի ունեցան 1-16-րդ հանգրուանի դարձի երկու մրցումներ, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ 2 խումբեր եւս դուրս մնացին մրցաշարքէն:

Ռոմելու Լուքաքուի նշանակած 2 կոլերուն շնորհիւ (2-րդ եւ 30-րդ), Մանչեսթըր Եունայթըտ Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ Ա. կիսախաղին 2-1 արդիւնքով յառաջացաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի վրայ: Ժուան Պերնա նշանակեց Սեն Ժերմենի կոլը (12-րդ)` «Փարք տը Փրենս»-ի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին:
Բ. կիսախաղին, Մանչեսթըր Եունայթըտ կոլ մը եւս նշանակելով, շնորհիւ Մարքուս Ռեշֆորտի (90+4 փենալթիով) յաջողեցաւ ապահովել յաջորդ հանգրուանի (քառորդ աւարտական) իր տոմսը` 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք: Նշենք, որ երթին ֆրանսական կազմը յաղթած էր Եունայթըտին` 2-0 արդիւնքով:
Այսպիսով, «Չեմփիընզ լիկ»-ի պատմութեան մէջ Մանչեսթըր Եունայթըտ հանդիսացաւ առաջին խումբը, որ իր դաշտին վրայ 2 կոլի տարբերութեամբ պարտութիւն կրելէ ետք, կը յաջողի մրցակիցի դաշտին վրայ յաղթել եւ անցնիլ յաջորդ հանգրուան:
Ինչ կը վերաբերի երէկուան երկրորդ մրցումին, Փորթօ – Ա. Էս. Ռոմա մրցումը երկարաձգուեցաւ` նկատի ունենալով, որ երթին արձանագրուած արդիւնքը կրկնուեցաւ:
Փորթօ 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով մրցաշարքէն դուրս ձգեց Ա. Էս. Ռոման:


