Ֆլորենթինօ Փերես. «Մպափէն Պատրաստ Է Տեղափոխուելու Ռէալ Մատրիտ»
Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես իր կատարած յայտարարութիւններէն մէկուն մէջ ըսաւ, թէ Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ աշխարհի ախոյեան Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քիլիան Մպափէ պիտի դառնայ արքայական ակումբի անդամ: «Ան պատրաստ է տեղափոխուելու մեր կազմը, որովհետեւ մեզի միանալով աւելի անուանի ֆութպոլիստ պիտի դառնայ: Եթէ ան այս տարի չտեղափոխուի, յառաջիկայ տարի անպայման պիտի կատարուի անոր փոխանցումը», Փերեսի խօսքերը...

