«Պի. Պի. Սի.» կը հաղորդէ, որ անգլիական Պոլթըն ֆութպոլի ակումբին մարզիկները 48 ժամուան համար պոյքոթի պիտի ենթարկեն իրենց փորձերը` աւելցնելով, որ ատոր պատճառը այն է, որ անոնք նախորդ փետրուարին իրենց ամսականները ուշացումով ստացած են, իսկ մարտ ամսուանը ցարդ չեն ստացած:
Ուշացման պատճառը ակումբին սեփականատիրոջ հաւանական փոփոխութիւնն է եւ 1,4 միլիոն եւրոյի պարտքը:
Շատ հաւանական է, որ ակումբը պարտքերու պատճառով լուծարքի ենթարկուի: Դատավարութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր` չորեքշաբթի, 3 ապրիլին:
«Փրեմիեր լիկ»-ի 39-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Պոլթըն կը գրաւէ դասաւորման նախավերջին դիրքը:



