«Տէյլի Ռեքորտ» կը հաղորդէ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի սպանացի միջնապահ Անտեր Հերերա շատ հաւանաբար ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Ֆրանսայի մէջ:
Այնպէս կը թուի, որ ան դժգոհ է անգլիական ակումբին կողմէ իրեն ներկայացուած նոր պայմանագրութենէն, ըստ որուն ան շաբաթական պիտի գանձէ 150 հազար սթերլինկ:
Ան կը սերտէ Փարիզ Սեն Ժերմենի առաջարկը, որուն մէջ աւելի մեծ գումարի խոստում կայ:
Այս տարեշրջանի աւարտին, երբ անոր պայմանագրութիւնը աւարտի, ան անվճար Մանչեսթըր Եունայթըտէն կրնայ տեղափոխուիլ փարիզեան կազմին:



