Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ Ազրպէյճանը ներկայացնող պուլկարացի ծանրաբարձ Վալենթին Հրիսթով խթանիչ դեղերու գործածութեան օրէնքը խախտած ըլլալուն պատճառով զրկուեցաւ Լոնտոն-2012-ի ողիմպիական խաղերուն ընթացքին իր տիրացած պրոնզ մետալէն:
Ան հանդէս եկած էր 56 քկ դասակարգին մէջ:
Պրոնզէ մետալը պիտի ստանայ վիեթնամցի Լէ Քուոք Թուան:



