Նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող մարզիկները ունեցան իրենց տպաւորիչ ելոյթները` իրենց ակումբներուն հետ:
«Բ. Պունտըսլիկա»-ի 27-րդ հանգրուանին, Եան Ռեկենսպուրկ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Տարմսթատի դաշտին վրայ: Հիւր կազմէն ամբողջ մրցումին մասնակցեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Սարգիս Ադամեան:
Շուէտի ֆութպոլի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանին, Կոթըպորկ իր դաշտէն դուրս 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Էսքիլսթունէն: Հիւր կազմին հետ ամբողջ մրցումին մասնակցեցաւ Հայաստանի հաւաքականի յետսապահ Անտրէ Քալիսիր:
Դանիոյ «Սուփըր-լիկա»-ի մրցումին, Հոպրոն 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Վենտսիուսելի հետ: Հոպրոնի հետ ամբողջ մրցումին մասնակցեցաւ Հայաստանի հաւաքականի միջնապահ Էտկար Բաբայեան:
Ղազախստանի «Փրեմիեր լիկա»-ի 2-րդ հանգրուանին, Ժեթիսու իր դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Ասթանայէն: Հիւրընկալ կազմէն ամբողջ մրցումին մասնակցեցաւ Հայաստանի հաւաքականի յետսապահ Կամօ Յովհաննիսեան:
Մակեդոնիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 25-րդ հանգրուանին, Ռապոթնիչքի 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ֆ. Ք. Մակեդոնիոյ հետ: Ռապոթնիչքիէն 62-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ Հայաստանի հաւաքականի թեկնածու, միջնապահ Դաւիթ Մանոյեան: