Նախորդ շաբաթավերջին Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփյէի մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի ճատրակի տղոց անհատական ախոյեանութիւնը:
Ախոյեան հռչակուեցաւ ռուս Վլատիսլաւ Արթեմիեւ, որ առաւելագոյն 11 կէտէն ապահովեց 8,5 կէտ:
Հայաստանի ներկայացուցիչներէն լաւագոյն արդիւնքը արձանագրեց Սերկէյ Մովսիսեան, որ ապահովելով 8 կէտ, լրացուցիչ ցուցանիշով գրաւեց 8-րդ դիրքը:
Իսկ մնացեալներուն պարագային արդիւնքները հետեւեալներն էին. Հայկ Մարտիրոսեան 7,5 կէտով` 34-րդ, Հրանդ Մելքումեան` 40-րդ (7 կէտ), Ռոպերթ Յովհաննիսեան` 48-րդ (7 կէտ), Սամուէլ Տէր Սահակեան` 59-րդ (6,5 կէտ), Շանթ Սարգսեան` 83-րդ (6,5 կէտ), Մանուէլ Պետրոսեան` 89-րդ (6,5 կէտ) եւ Արման Փաշիկեան` 103-րդ (6,5 կէտ):
Եւրոպայի այս ախոյեանութեան գլխաւոր իրաւարարն էր Աշոտ Վարդապետեան (Հայաստանէն):