Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, կիրակի, 31 մարտին, Ժիպէյլի եւ Քեսրուանի նահանգներուն մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի գարնանային 35-րդ ռելին, որ կ՛իյնայ Լիբանանի ռելիներու ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի ծիրին մէջ:
Հակառակ տեղատարափ անձրեւին, այս ռելին տեղի ունեցաւ, հակառակ անոր որ քանի մը ինքնաշարժներ արկած ունենալով անկէ դուրս մնացին: Դուրս մնացողներուն կարգին եղաւ տիտղոսակիր Ռոժէ Ֆըղալի:
Ռոտրիկ Ռայի իր օգնականին` Ժորժ Նատերի հետ («Միթսուպիշի Լենսըր-Էվօ-9») յաջողեցաւ տիրանալ տիտղոսին` արձանագրելով 1 ժամ 19′ 36″ արդիւնք մը:
Թէեւ Ռայի երկար տարիներէ ի վեր կը մասնակցի ռելիներու, սակայն ան առաջին անգամ ըլլալով կը հանդիսանար առաջին:
Երկրորդ դիրքը գրաւեց Փաթրիք Նըժէյմ – Թիերի Ռուհանա զոյգը, մինչ երրորդ հանդիսացաւ Ռաֆաաթ Մուհազ – Ռոնի Պու Ապտօ զոյգը (բոլորն ալ` «Էվօ-9»):
Մասնակցող 16 ինքնաշարժներէն 9-ն հասան ժամանման գիծ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:
Լուսանկարները Տրամադրեց
ԷՄ. ԷՄ. ԷՍ- ՌԷՅՍԻՆԿ