Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային լիկայի 29-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Շիննիք Եարոսլաւ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Քրասնոտար-2-ի հետ` վերջինիս դաշտին վրայ կատարուած մրցումին:
Մրցումին հաշիւը 5-րդ վայրկեանին բացաւ Շիննիքի միջնապահ Իշխան Գելոյեան, որ փոխարինուեցաւ 67-րդ վայրկեանին: Ան այսպիսով նշանակեց ընթացիկ ախոյեանութեան իր 7-րդ կոլը:
Յայտնենք, որ Քրասնոտար-2-ի հետ դաշտ ներկայացան Յարութիւն Գրիգորեան եւ Էդուարդ Սփերցեան, յաջորդաբար 74-րդ եւ 86-րդ վայրկեաններուն:



