Հայաստանի ներկայացուցիչ Սուսաննա Ստեփանեան հանդիսացաւ Եւրոպայի ժիւտոյի 18 տարեկանէն վար մրցաշարքի բաժակակիր:
Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած այս մրցաշարքին 40 քկ դասակարգին մէջ ան պայքարը սկսաւ քառորդ աւարտականէն եւ երեք ճակատումի ընթացքին յաղթանակ արձանագրելով տիրացաւ տիտղոսին:
Հայաստանի մնացեալ ներկայացուցիչները` Մեսրոպ Նիկոյեան (50 քկ), Էդուարդ Եզիկեան, Ռուբէն Յակոբեան (55 քկ), Ստեփան Դարբինեան, Գէորգ Մանուկեան (60 քկ), Վահէ Աղանեան եւ Դաւիթ Աբրահամեան (66 քկ), որեւէ մետալի չկրցան տիրանալ: