Միացեալ Նահանգներու («Մէյճըր-լիկ») ֆութպոլի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Լոս Անճելըս Կալաքսի Սան Խոսէի դաշտին վրայ արձանագրեց 5-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմին 5-րդ կոլը 67-րդ վայրկեանին նշանակեց ուրուկուէյահայ 21 տարեկան յառաջապահ Տիեկօ Ռոսսի Մարաշլեան, որ մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին:
Այսպիսով, Մարաշլեան նշանակեց տարեշրջանի իր երրորդ կոլը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Լոս Անճելըս Կալաքսի այժմ 13 կէտով կը գրաւէ արեւմտեան շրջանի առաջին դիրքը:



