Ֆրանսական «Լ՛Էքիփ» մարզական օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Փարիզ Սեն Ժերմենի իտալացի բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոն իր պայմանագրութիւնը պիտի երկարաձգէ իր ակումբին հետ:
Աղբիւրին համաձայն, նոր պայմանագրութիւնը պիտի երկարաձգուի մինչեւ 2021: Այսինքն` 41 տարեկան Պիւֆոն փարիզեան կազմին հետ պիտի մնայ 43 տարեկան:
Նշուեցաւ, որ անոր աշխատավարձքը եւս պիտի աւելնայ:



