Տարեշրջանը Աւարտեցաւ
Լեպրոն Ճէյմսի Համար

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Օքլահոմա Սիթիի խաղացող Ռասըլ Ուեսթպրուք իրագործեց թրիփըլ-տապըլ մը (25 կէտ, 11 Ռիպաունտ, 11 էսիսթ), հակառակ անոր որ անոր կազմը 106-103 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Տալաս Մավըրիքսէն:
Այսպիսով, ան իրագործեց այս տարեշրջանի իր 30-րդ թրիփըլ-տապըլը: Իսկ նախորդ տարեշրջանին ան 42 անգամ իրագործեց թրիփըլ-տապըլ:
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան մէջ Ուեսթպրուք հանդիսացաւ առաջին մարզիկը, որ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով 30 եւ աւելի թրիփըլ-տապըլ կ՛իրագործէ:

Այլ գետնի վրայ, Լոս Անճելըս Լէյքըրզի 34 տարեկան Լեպրոն Ճէյմսի համար տարեշրջանը վերջ գտաւ` նկատի ունենալով, որ ան պիտի բացակայի վերջին վեց մրցումներէն, որովհետեւ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով պէտք է հանգստանայ:
14 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ան իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ փլէյ-օֆի մրցումներուն:
Ան այս տարեշրջանին մասնակցեցաւ 55 մրցումի` իւրաքանչիւր մրցումի ընթացքին միջին հաշուով նշանակելով 27,4 կէտ: