Մարզական

Հոլանտական Ֆութպոլ. Այաքս Ամսթերտամ Հանդիսացաւ Բաժակակիր

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Հոլանտայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականի ճակատումը, որ իրարու դէմ հանեց Այաքս Ամսթերտամը եւ Ուիլեմ-Բ.-ը, աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով: Անիկա 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը: Այսպիսով, Այաքս 19-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ այս տիտղոսին:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Հանդիսացաւ Լիբանանի Տղոց 2018-2019 Տարեշրջանի Ախոյեան

PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանը երէկ` կիրակի, 5 մայիսին, հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական հանգրուանի վեցերորդ ճակատումը` Ռիատիի եւ Պէյրութի միջեւ: Նախքան երէկուան այս ճակատումը, Ռիատի, որ 3-2 արդիւնքով կը գերազանցէր իր մրցակիցը, արձանագրելով իր չորրորդ յաղթանակը` 89-83 արդիւնքով (26-16, 47-42, 72-59, 89-83), հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան, վերջին հինգ տարիներուն չորրորդ անգամ ըլլալով: Մրցումին ամէնէն...

Լիբանանի Աղջկանց Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Պէյրութ Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի կիսաւարտական հանգրուանի մրցումները սկսան նախորդ շաբաթավերջին: Կիսաւարտականի առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ Պէյրութ կրեց պարտութիւն մը իր մրցակիցէն` Պէյրութէն: Անոնց միջեւ երկրորդ ճակատումը, որ տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, դարձեալ աւարտեցաւ Պէյրութի յաղթանակով` 58-35 արդիւնքով: Այսպիսով, Պէյրութ ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, ուր կը մրցի ՀՄԸՄ Պուրճ...

Լիբանանի «Սանտա-Սան Շու»-ի Բաժակի Մրցաշարք. «Հայ Քաջ Տօ»-ի Մարզիկները Տիրացան Երկու Մետալի

Երէկ` կիրակի, 5 մայիսին, Լուէյզի Զուք Մոսպեհ ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի «Սանտա-Սան Շու»-ի բաժակի մրցաշարքը: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին 7 ակումբներէ 80 մարզիկներ: Այս մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ «Հայ Քաջ Տօ» ակումբը, որ յաջողեցաւ տիրանալ երկու մետալի: 75-80 քկ դասակարգին մէջ, Գէորգ Քէշիշեան տիրացաւ պրոնզ մետալի, մինչ 90-95 քկ դասակարգին մէջ Յարութ Գուզիքեան հանդիսացաւ երկրորդ` տիրանալով արծաթ մետալի:...

Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Տղոց Բ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Ֆատի Աքտաս Խումբը Տիրացաւ Տիտղոսին

Նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ Լիբանանի տղոց փինկ փոնկի Բ. դասակարգի ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին շուրջ 90 ակումբներ` Լիբանանի տարբեր նահանգներէն: Մրցումները տեղի ունեցան Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ): Ֆատի Աքտաս (Պաուշրիէ) հանդիսացաւ ախոյեան, աւարտական մրցումին յաղթելէ ետք Շապապ Հարեթ Սայտային` 3-0 արդիւնքով: Այսպիսով, յաղթական խումբը ապահովեց Ա. դասակարգի իր տոմսը, մինչ Շապապ Հարեթ Սայտա փլէյ-օֆի մրցումի պիտի...

Ճատրակ. Պէյրութի 10-րդ Միջազգային Մրցաշարք. Ուքրանացի Պեռնատեսքի Տիրացաւ Տիտղոսին

Նախորդ շաբաթավերջին Ֆրեր Նոթրըտամ - Ֆըրն Շըպպեք վարժարանին մէջ իր աւարտին հասաւ Պէյրութի ճատրակի 10-րդ միջազգային մրցաշարքը, որ կազմակերպուած էր վերոնշեալ վարժարանին վեթերաններու ակումբին կողմէ եւ կը վայելէր նախկին նախարար Միշել Էտտէի հովանաւորութիւնը: Անիկա տեղի ունեցաւ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին հսկողութեամբ: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 120 երկսեռ ճատրակ խաղացողներ, որոնց կարգին` 16 կրանտմասթըրներ եւ միջազգային վարպետներ` 15 տարբեր ազգութիւններէ:...

Մինի-Ֆութպոլ.  Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Խումբը Լիբանանի Բաժակակիր` Յաջորդաբար Երկրորդ Տարին Ըլլալով

Մինի-Ֆութպոլ. Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Խումբը Լիբանանի Բաժակակիր` Յաջորդաբար Երկրորդ Տարին Ըլլալով

Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով` Ներքին ապահովութեան ուժերու մինի-ֆութպոլի խումբը հանդիսացաւ Լիբանանի բաժակակիր` աւարտականին յաղթելէ ետք տիտղոսի գլխաւոր թեկնածու նկատուող Մաժտ Ղազիէի: Տիտղոսակիր հանդիսացած խումբը կիսաւարտականին յաղթած էր Լիբանանեան բանակին: Աւարտական այս մրցումին երկու կիսախաղերը աւարտեցան 2-2 հաւասարութեամբ, այնուհետեւ դիմուեցաւ փենալթիներու, անոնցմէ յաղթական դուրս եկաւ Ներքին ապահովութեան ուժերու խումբը` 2-1 արդիւնքով: Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: Աւարտականի այս մրցումին կիրարկուեցաւ «ՎԱՐ» համակարգի...

Կռփամարտ. Արամ Աւագեան Պաշտպանեց «Տապըլիու. Պի. Սի.»-ի Միջազգային Արծաթ Գօտին

Հայ արհեստավարժ կռփամարտիկ Արամ Աւագեան Լաս Վեկասի «ԹԻ-Մոպայլ-Արենա»-ին մէջ տեղի ունեցած 10 ռաունտնոց մենամարտին ընթացքին պաշտպանեց կիսաթեթեւ քաշային կարգի «Տապըլիու-Պի. Սի.»-ի միջազգային արծաթ գօտին: 28 տարեկան Աւագեան, որ մենամարտեցաւ ամերիկացի Ֆրանչեսքօ Էսփարզայի դէմ, արձանագրեց իր 9-րդ յաղթանակը արհեստավարժ մրցումի ընթացքին: Ան արձանագրած է նաեւ հաւասարութիւն մը եւ կրած պարտութիւն մը: Գլխաւոր մենամարտին միջին քաշային, «Տապըլիու. Պի. Էյ. Սուփըր» եւ «Տապըլիու....

«Փրեմիեր Լիկ». Քարտիֆ Սիթի Եւս Փոխադրուեցաւ Ա. Դասակարգ

Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 37-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, Լիվըրփուլ Նիւքասըլի «Սենթ Ճէյմս փարք» մարզադաշտին վրայ 3-2 արդիւնքով դժուար յաղթանակ մը արձանագրելով ժամանակաւորապէս գրաւեց առաջին դիրքը` սպասելով այսօր` երկուշաբթի, 6 մայիսին տեղի ունենալիք Մանչեսթըր Սիթի - Լայսթըր Սիթի մրցումին արդիւնքին: Լիվըրփուլ ունեցաւ 94 կէտ, մինչ Մանչեսթըր Սիթի ունի 92 կէտ: Եգիպտացի Մոհամետ Սալահ, որ նշանակեց Լիվըրփուլի երկրորդ կոլը (28-րդ...

«Լա Լիկա». Պարսելոնա Պարտուեցաւ… Առանց Իր Հիմնական Մարզիկներուն

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 36-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Պարսելոնա, որ հիւրը եղաւ Սելթա Վիկոյին (16-րդ), կրեց տարեշրջանի իր երկրորդ պարտութիւնը` 2-0 արդիւնքով: Սպանիոյ ախոյեանութեան տիտղոսը ժամանակէն շուտ ապահոված Պարսելոնայի գլխաւոր մարզիչ Էռնեսթօ Վալվերտէ դաշտ ներկայացուց իր երկրորդ խումբը, որովհետեւ ան հանգստանալու առիթ տուած էր խումբին յառաջատար եւ հիմնական մարզիկներուն: Վաղը` երեքշաբթի, 7 մայիսին, Պարսելոնա «Չեմփիընզ-լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտականի դարձի մրցումներուն...

«Պունտըսլիկա». Գերմանիոյ Ախոյեանին Անունը` Ցարդ Անորոշ

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 32-րդ հանգրուանի մրցումներուն, առաջին դիրքին վրայ գտնուող Պայէրն Միւնիխ 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց` պարտութեան մատնելով իր հիւրը` վերջին դիրքը գրաւող Հանովըր-96-ը: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Պայէրն ունեցաւ 4 կէտի առաւելութիւն մը երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Պորուսիա Տորթմունտին վրայ, որ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Վերտըր Պրեմընի դաշտին վրայ: Քլաուտիօ Փիցցարօ Պրեմընի հաւասարութեան կոլը նշանակեց...

Թենիս. Չեխ Փլիսքովա Իր 6-րդ Մարզիչը Փոխեց… Մէկ Տարուան Ընթացքին

Աղջկանց թենիսի միջազգային դասաւորման մէջ 5-րդ դիրքին վրայ գտնուող չեխ Քարոլինա Փլիսքովա դադրեցուց իր համագործակցութիւնը աւստրիացի իր մարզիչին` Ռընէ Սթրափսի հետ: Ան որոշեց իր աշխատանքը շարունակել սպանացի Քոնչիթա Մարթինեսի հետ: Այսպիսով, վերջին մէկ տարուան ընթացքին 27 տարեկան Փլիսքովա փոխեց իր 6-րդ մարզիչը: Ընթացիկ տարեշրջանին ան կատարեց 27 մրցում` արձանագրելով 21 յաղթանակ:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ (Տղաք). Պէյրութ Յաղթանակ Մը Արձանագրելով Ռիատիին Պարտադրեց 6-րդ Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի հինգերորդ ճակատումը` Պէյրութի եւ Ռիատիի միջեւ, տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր, Շիահի մարզադաշտին վրայ: Հակառակ անոր որ Պէյրութ առաջին մրցումին յաղթանակ արձանագրած էր (86-72), սակայն անկէ ետք կրած էր յաջորդական երեք պարտութիւն (95-75, 81-67 եւ 79-63): Երէկուան մրցումէնPROFOTO Հետեւաբար, չորրորդ պարտութիւնը կը նշանակէր, որ Ռիատի պիտի հանդիսանայ Լիբանանի 2018-2019 տարեշրջանի ախոյեան: Սակայն Պէյրութ...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Աղջկանց Ախոյեանութիւն. Պէյրութ – ՀՄԸՄ Պէյրութ` 63-39

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանի մրցումները սկսան երէկ գիշեր, երբ Սաժես Այն Սաատէի դաշտին դրայ Պէյրութ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ Պէյրութին: Մրցումը աւարտեցաւ Պէյրութի յաղթանակով, որ 63-39 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ՀՄԸՄ Պէյրութը: Երկու կազմերուն միջեւ երկրորդ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` կիրակի, 5 մայիսին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան մարզադաշտկն վրայ: Ինչ կը վերաբերի...

Ներկայութեամբ Մեծաթիւ Հրաւիրեալներու.  Լիբանանի Վոլիպոլի Ֆետերասիոնը Կատարեց Իր Տարեկան Ճաշկերոյթը Եւ 2018-2019 Տարեշրջանի Մրցանակաբաշխութիւնը

Ներկայութեամբ Մեծաթիւ Հրաւիրեալներու. Լիբանանի Վոլիպոլի Ֆետերասիոնը Կատարեց Իր Տարեկան Ճաշկերոյթը Եւ 2018-2019 Տարեշրջանի Մրցանակաբաշխութիւնը

«Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի «Սուֆարա» սրահին մէջ Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնը կազմակերպեց իր տարեկան ճաշկերոյթը եւ 2018-2019 տարեշրջանի մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ մեծաթիւ հրաւիրեալներու: Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ հաղորդակցութեանց միջոցներու նախարար Մոհամետ Շքէյրի հովանաւորութեամբ: Անոր ներկայ գտնուեցան նախարարին ներկայացուցիչը` Նեպիլ Ֆահըտ, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանահայերու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա, երեսփոխաններ Շամել Ռուքոզ, Շաուքի Տաքքաշ, Զիատ Հաուաթ, Ուաժիհ Ազար, Ֆատի...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Վաղը` Ինթեր Միլան – Լացիօ Ռոմա. Գերմանիոյ Եւ Ֆրանսայի Մէջ` Երթի Վերջին Հանգրուանի Մրցումները

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

Պայէրն Միւնիխ Այսօր Կրնայ Ախոյեան Հանդիսանալ Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, եթէ Պայէրն Միւնիխ այսօր յաղթանակ մը արձանագրէ, կրնայ հանդիսանալ Գերմանիոյ ախոյեան, անշուշտ եթէ Պորուսիա Տորթմունտ պարտուի: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` խումբերուն գրաւած դիրքերը). ԱՆԳԼԻԱ. 37-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ՇԱԲԱԹ ԺԱՄ Պուրնըմաութ (14) - Թոթենհամ (3) 14:30 Ուեսթ Համ (11) - Սաութհեմփթըն...

Ճատրակ. Կարէն Գրիգորեանի Յաջողութիւնը` Սպանիոյ Մէջ

2015-ին Հայաստանի ճատրակի ախոյեան հանդիսացած Կարէն Գրիգորեան տիրացաւ Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցած արագ ճատրակի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին: Հայ կրանտմասթըրը առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովեց 8 կէտ: Այս մրցաշարքին մասնակցեցան 9 երկիրներու 169 ճատրակ խաղացողներ, որոնց կարգին` 6 կրանտմասթըրներ:  

Կռփամարտ. Էրիք Բազինեան Պաշտպանեց Իր Տիտղոսները

Քանատան ներկայացնող Էրիք Բազինեան պաշտպանեց «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. Պի. Օ.» - «Էն. Էյ. Պի. Օ.» եւ «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. Պի. Էյ.» - «Էն. Էյ. Պի. Էյ.» վարկածներով ախոյեանական տիտղոսները` արհեստավարժ կռփամարտի գերմիջին քաշային կարգին մէջ: Լաս Վեկասի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցած մենամարտին, 23 տարեկան Բազինեան իրաւարարներու միաձայն որոշումով յաղթեց մեքսիքացի Էլըն Քամպայի: Հայ կռփամարտիկը, որ կը կատարէ իր 23-րդ մենամարտը` արհեստավարժ ռինկի վրայ,...

Չաւի Մտադիր Է Մարզիչի Ասպարէզ Սկսիլ

Պարսելոնայի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Չաւի, որ այժմ մաս կը կազմէ քաթարեան Սատ խումբին, յայտարարեց, որ այս տարեշրջանը իրեն համար պիտի ըլլայ վերջինը` իբրեւ ֆութպոլիստ, նկատի ունենալով, որ ան մտադիր է մարզիչի ասպարէզ սկսիլ: 39 տարեկան Չաւի յայտնեց, որ բաւական խանդավառ է այս ուղղութեամբ:

Փարիզ Սեն Ժերմենի Սեփականատէրերը 2022-ի Մոնտիալէն Ետք Պիտի Առնեն Նոր Քայլեր

Փարիզ Սեն Ժերմենի քաթարցի սեփականատէրերը մտադիր են Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի մոնտիալէն ետք կրճատել ֆրանսական ակումբին ֆինանսաւորումը կամ ծախել զայն, կը յայտնէ ֆրանսական մամուլը: Ծրագիրներու փոփոխութեան պատճառը Ֆրանսայի մէջ մնայուն քննադատութիւնն է Քաթարի նկատմամբ եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ղեկավարութեան ոչ դրական վերաբերմունքը` Փարիզ Սեն Ժերմենի ղեկավարութեան նկատմամբ: Բացի վերոնշեալներէն, սեփականատէրերը դժգոհ են խումբին արձանագրած արդիւնքներէն եւ բարձր տուրքերէն: 2011-էն ի...

Page 708 of 1279 1 … 707 708 709 … 1,279

Արխիւներ