Երէկ` կիրակի, 5 մայիսին, Լուէյզի Զուք Մոսպեհ ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի «Սանտա-Սան Շու»-ի բաժակի մրցաշարքը: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին 7 ակումբներէ 80 մարզիկներ:
Այս մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ «Հայ Քաջ Տօ» ակումբը, որ յաջողեցաւ տիրանալ երկու մետալի:
75-80 քկ դասակարգին մէջ, Գէորգ Քէշիշեան տիրացաւ պրոնզ մետալի, մինչ 90-95 քկ դասակարգին մէջ Յարութ Գուզիքեան հանդիսացաւ երկրորդ` տիրանալով արծաթ մետալի:
Կը շնորհաւորենք «Հայ Քաջ Տօ»-ն եւ անոր մարզիկները` ձեռք բերուած այս յաջողութեան համար: