Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 37-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, Լիվըրփուլ Նիւքասըլի «Սենթ Ճէյմս փարք» մարզադաշտին վրայ 3-2 արդիւնքով դժուար յաղթանակ մը արձանագրելով ժամանակաւորապէս գրաւեց առաջին դիրքը` սպասելով այսօր` երկուշաբթի, 6 մայիսին տեղի ունենալիք Մանչեսթըր Սիթի – Լայսթըր Սիթի մրցումին արդիւնքին:
Լիվըրփուլ ունեցաւ 94 կէտ, մինչ Մանչեսթըր Սիթի ունի 92 կէտ:
Եգիպտացի Մոհամետ Սալահ, որ նշանակեց Լիվըրփուլի երկրորդ կոլը (28-րդ վայրկեանին), այժմ 22 կոլով կը գրաւէ ռմբաձիգներուն պարագլուխի դիրքը:
Քարտիֆ Սիթի (18-րդ), որ իր դաշտին վրայ 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Քրիսթալ Փալասէն, հանդիսացաւ երրորդ խումբը, որ Ֆուլհեմի (19-րդ) եւ Հատըրսֆիլտի (20-րդ) հետ կը փոխադրուի Ա. դասակարգ: