Պարսելոնայի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Չաւի, որ այժմ մաս կը կազմէ քաթարեան Սատ խումբին, յայտարարեց, որ այս տարեշրջանը իրեն համար պիտի ըլլայ վերջինը` իբրեւ ֆութպոլիստ, նկատի ունենալով, որ ան մտադիր է մարզիչի ասպարէզ սկսիլ:
39 տարեկան Չաւի յայտնեց, որ բաւական խանդավառ է այս ուղղութեամբ: