Քանատան ներկայացնող Էրիք Բազինեան պաշտպանեց «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. Պի. Օ.» – «Էն. Էյ. Պի. Օ.» եւ «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. Պի. Էյ.» – «Էն. Էյ. Պի. Էյ.» վարկածներով ախոյեանական տիտղոսները` արհեստավարժ կռփամարտի գերմիջին քաշային կարգին մէջ:
Լաս Վեկասի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցած մենամարտին, 23 տարեկան Բազինեան իրաւարարներու միաձայն որոշումով յաղթեց մեքսիքացի Էլըն Քամպայի:
Հայ կռփամարտիկը, որ կը կատարէ իր 23-րդ մենամարտը` արհեստավարժ ռինկի վրայ, արձանագրեց իր 23-րդ յաղթանակը: