Նախորդ շաբաթավերջին Ֆրեր Նոթրըտամ – Ֆըրն Շըպպեք վարժարանին մէջ իր աւարտին հասաւ Պէյրութի ճատրակի 10-րդ միջազգային մրցաշարքը, որ կազմակերպուած էր վերոնշեալ վարժարանին վեթերաններու ակումբին կողմէ եւ կը վայելէր նախկին նախարար Միշել Էտտէի հովանաւորութիւնը: Անիկա տեղի ունեցաւ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին հսկողութեամբ:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 120 երկսեռ ճատրակ խաղացողներ, որոնց կարգին` 16 կրանտմասթըրներ եւ միջազգային վարպետներ` 15 տարբեր ազգութիւններէ:
Տիտղոսին տիրացաւ ուքրանացի Վիթալի Պեռնատեսքի, որ ապահովեց 7,5 կէտ` առաւելագոյն 9 կէտէն:
Երեք անգամ այս մրցաշարքի տիտղոսին տիրացած հայրենի կրանտմասթըր Տիգրան Քոթանճեան չորս ուրիշներու նման ապահովեց 6,5 կէտ:
Աւարտին տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեան: