
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանի մրցումները սկսան երէկ գիշեր, երբ Սաժես Այն Սաատէի դաշտին դրայ Պէյրութ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ Պէյրութին:
Մրցումը աւարտեցաւ Պէյրութի յաղթանակով, որ 63-39 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ՀՄԸՄ Պէյրութը:
Երկու կազմերուն միջեւ երկրորդ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` կիրակի, 5 մայիսին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան մարզադաշտկն վրայ:
Ինչ կը վերաբերի կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին, այսօր` շաբաթ, 4 մայիսին, յետմիջօրէի ժամը 14:30-ին, Սքուատրա կը հիւրընկալէ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտը Հուփսի դաշտին վրայ (օդակայանին ճամբան):


