Մարզական

8 Տարուան Բացակայութենէ Ետք. Պրեշիա Կը Վերադառնայ «Սերի-Ա.»

Իտալիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 34-րդ հանգրուանի մրցումներուն Պրեշիա իր դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ասքոլիի, ժամանակէն առաջ ապահովեց «Սերի-Ա.»-ի իր տոմսը` նկատի ունենալով, որ անիկա իր տրամադրութեան տակ ունենալով 66 կէտ, տարեշրջանը պիտի աւարտէ նուազագոյնը 2-րդ դիրքին վրայ (այժմ` առաջին): Անոր հետ միասին, իր տոմսը կրնար ապահովել նաեւ 63 կէտ ունեցող Լեչէ, որ սակայն 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը...

Քասիաս Նուազագոյնը Կէս Տարի Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Քասիաս Նուազագոյնը Կէս Տարի Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Փորթոյին մաս կազմող սպանացի միջազգային նախկին բերդապահ Իքեր Քասիաս, որ նախանցեալ օր ենթարկուեցաւ սրտի վիրաբուժութեան, նուազագոյնը կէս տարի պիտի չկարենայ օգտակար դառնալ իր ակումբին: Փորթուգալեան ակումբին հետ 37 տարեկան բերդապահին պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2019-2020 տարեշրջանին:

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոն. Պիչ-Ֆութպոլի Ա. Կարգի Մարզիչի Ասիական Փորձեր

Երեքշաբթի, 30 ապրիլին, «Ռամատա» պանդոկին մէջ (Պէյրութ) սկսան պիչ-ֆութպոլի Ա. կարգի մարզիչի ասիական փորձերը` կազմակերպութեամբ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին եւ գործակցութեամբ Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին: 6 օրերու վրայ երկարող այս փորձերը տեղի պիտի ունենան վերոնշեալ պանդոկին մէջ, մինչ գետնի վրայ գործնական գիտելիքներ պիտի տրուին Ռամլեթ Պայտայի ծովեզերեայ դաշտին վրայ: Առաջին օրուան փորձերուն ներկայ էին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի անդամ, Լիբանանի պիչ-ֆութպոլի յանձնախումբի նախագահ...

Հեծելարշաւ.  Վաչէ Ծատուրեան Կը Ստանայ Ասիոյ Ֆետերասիոնի «Արժանեաց» Շքանշանը

Հեծելարշաւ. Վաչէ Ծատուրեան Կը Ստանայ Ասիոյ Ֆետերասիոնի «Արժանեաց» Շքանշանը

Անցեալ շաբաթավերջին, Ուզպեքիստանի Թաշքենտ մայրաքաղաքին մէջ գումարուեցաւ Ասիոյ հեծելարշաւի ֆետերասիոնին ընդհանուր ժողովը` մասնակցութեամբ Ասիական 29 երկիրներու: Ժողովին ներկայ էր նաեւ միջազգային ֆետերասիոնի նախագահ ֆրանսացի Տաւիտ Լափարթիէն: Ժողովականները լսեցին ընթացիկ նիւթաբարոյական տեղեկագիրը եւ զայն որդեգրեցին միաձայնութեամբ: «Գործադիր մարմինը ներկայացուց նաեւ յաջորդ 2 տարիներու ծրագիրն ու հեծելարշաւի ախոյեանութիւններուն վայրերն ու թուականները: Ժողովի ընթացքին, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ, ողիմպիական կոմիտէի անդամ Վաչէ Ծատուրեան...

Յատուկ Հանդիսութեան Մը Ընթացքին.  Լիբանանի Մէջ Պաշտօնական Բացում` «Մուսթանկ» Ակումբին

Յատուկ Հանդիսութեան Մը Ընթացքին. Լիբանանի Մէջ Պաշտօնական Բացում` «Մուսթանկ» Ակումբին

Զօրակցութեամբ «Էյ. Էն.-Պուխաթեր» ընկերութեան, Լիբանանի մէջ տեղի ունեցաւ «Ֆորտ Մուսթանկ» ակումբին պաշտօնական բացումը` յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին: Անոր կեդրոնատեղին եղաւ Ժալ Էլ Տիպի մայրուղիին վրայ, «Մազտա» ընկերութեան կից: «Ֆորտ Մուսթանկ» տիպի աւելի քան 120 ինքնաշարժներ Տըպպայէն ուղղուեցան դէպի բացման հանդիսութեան կայացման վայրը` ստեղծելով հետաքրքրական մթնոլորտ մը ճամբուն վրայ: Այս հանդիսութիւնը նաեւ առիթ մը եղաւ նշելու «Ֆորտ-Մուսթանկ» ընկերութեան հիմնադրութեան 55-րդ տարեդարձը:...

Կիրակի, 12 Մայիսին Ճատրակի Միօրեայ Մրցաշարք` ՀՄԸՄ Պէյրութի Ակումբին Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Պէյրութի եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, կիրակի, 12 մայիսին, ՀՄԸՄ Պէյրութի ակումբին մէջ (Զոքաք Պլաթ) տեղի կ՛ունենայ ճատրակի միօրեայ տարիքային մրցաշարք մը: Տեղի կ՛ունենան տղոց եւ աղջկանց 8, 10, 12, 14 եւ 16 տարեկան դասակարգերու մրցումներ: Արձանագրութեան սակ ճշդուած է 15 հազար լիբանանեան ոսկին: Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է ուրբաթ, 10 մայիսի երեկոյեան ժամը 21:00-ը: Բոլոր անոնք, որոնք...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Կիրակի, 5 Մայիսին` Թրիփոլի – Ահտ

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը քննարկեց իր օրակարգին վրայ գտնուող հարցերը: Վաւերացուեցան Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն արդիւնքները: Ռասինկ յաղթեց Սալամ Զղարթային (1-0): Իսկ Ախա Ահլի Ալէյ` Սաֆային (1-0): Կիրակի, 5 մայիսին, կէսօրէ ետք ժամը 16:00-ին, քառորդ աւարտականի ծիրին մէջ, Պհամտունի դաշտին վրայ իրարու դէմ պիտի մրցին Թրիփոլի եւ Ահտ: Հիլալ Հարեթ Նաամէ եւ Ղատ...

Լողարշաւ. 237 Երկսեռ Մարզիկներ Մասնակցեցան Լիբանանի 25 Մեթրի 2019-Ի Ախոյեանութեան

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնին, Ժամհուրի մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի 2019 տարեշրջանի 25 մեթրի ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ 237 երկսեռ մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնէին ֆետերասիոնին անդամագրուած 15 ակումբներ: Տեղի ունեցան 12-13, 14-15, 16-17 եւ 18 տարեկան եւ վեր տղոց եւ աղջկանց դասակարգերու մրցումները: Այս ախոյեանութեան ընթացքին արձանագրուեցան 42 մրցանիշներ (ակումբներու), որոնցմէ 15-ը` Մոն լա Սալին, իսկ 14-ը` Նաժահին: Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ...

«Չեմփիընզ Լիկ». Պարսելոնա Մեծ Քայլ Մը Առաւ Դէպի Աւարտական

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Պարսելոնա 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Լիվըրփուլը: Աւելի քան 98 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, «Քամփ Նու» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին, Պարսելոնայի կոլերը նշանակեցին Լուիս Սուարեզ (26-րդ) եւ Լիոնել Մեսսի (75-րդ եւ 82-րդ): Սուարեզի նշանակած կոլը եղաւ Պարսելոնայի 500-րդ կոլը «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքին ընթացքին: Ռէալ Մատրիտ նշանակած է...

Անգլիական Ֆութպոլ. Նորուիչ Եւ Շեֆիլտ Եունայթըտ Ապահովեցին Բարձրագոյն Դասակարգի Իրենց Տոմսերը

Անգլիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 45-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներու արդիւնքներուն լոյսին տակ, Նորուիչ եւ Շեֆիլտ Եունայթըտ յաջողեցան ապահովել բարձրագոյն դասակարգի իրենց տոմսերը: Նորուիչ (առաջին) ունեցաւ 91 կէտ, իսկ Շեֆիլտ Եունայթըտ (երկրորդ)` 88 կէտ: Երրորդ դիրքին վրայ գտնուող Լիծ Եունայթըտ ունի 83 կէտ: 10-րդ դիրքին վրայ գտնուող Նոթինկհամ Ֆորեսթ ունի 63 կէտ: Բարձրագոյն դասակարգ բարձրացող երրորդ դիրքին համար, Լիծ պէտք...

Իքեր Քասիաս Սրտի Կաթուած Ունենալէ Ետք Ենթարկուեցաւ Վիրաբուժութեան

Փորթուգալեան Փորթօ ֆութպոլի ակումբը հաստատեց, որ ակումբի սպանացի բերդապահ Իքեր Քասիաս չորեքշաբթի, 1 մայիսին, առաւօտեան փորձերուն ընթացքին ունեցած է սրտի կաթուած, ապա հիւանդանոց փոխադրուելէ ետք ենթարկուած է վիրաբուժութեան: Փորձառու բերդապահի կեանքին վտանգ չի սպառնար, սակայն 37 տարեկան ֆութպոլիստը շատ հաւանաբար ստիպուած ըլլայ աւարտել ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: Ան 2015-ի ամրան տեղափոխուեցաւ Փորթօ` 16 տարի Ռէալ Մատրիտին մաս կազմելէ ետք:

Քանըր Մաքկրեկոր. «Հայերը Կը Պայքարին Մինչեւ Վերջ Եւ Կը Հասնին Իրենց Ուզածին»

Խառն մենամարտերու «Եու. Էֆ. Սի.»-ի երկու քաշային կարգերու նախկին ախոյեան Քանըր Մաքկրեկոր ընկերային ցանցերուն վրայ գրառում մը կատարելով նշեց. «Ես մի՛շտ եղած եմ հայերուն հետ: Գործ մի՛ ունենաք անոնց հետ, որովհետեւ անոնք կը պայքարին մինչեւ վերջ եւ կը հասնին իրենց ուզածին»: Իրլանտացի մարտիկը յայտնեց նաեւ, որ ինք Տիլոն Տենիսի հետ միասին կը զօրակցի հայերուն` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին մէջ: 25...

«Ֆորմիւլա-1». «Մերսետես»-ի Չորրորդ Տուպլէն

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած «Ֆորմիւլա-1»-ի 2019-ի աշխարհի ախոյեանութեան 4-րդ կրան-փրին եւս, որ տեղի ունեցաւ Պաքուի մէջ (Ազրպէյճան), աւարտեցաւ «Մերսետես»-ի տիրապետութեամբ: Անոր վարորդները իրագործեցին իրենց յաջորդական չորրորդ տուպլէն: Վալթերի Պոթթաս Արձանագրելով 1 ժամ 31' 52" արդիւնք մը, Վալթերի Պոթթաս (Ֆինլանտա) հանդիսացաւ առաջին: Անոր խմբակից, անգլիացի Լուիս Հեմիլթըն 1" 524 ուշացումով գրաւեց երկրորդ դիրքը: «Ֆեռարի»-ի մաս կազմող գերմանացի Սեպասթիան Վեթել 11" 739...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Աղջկանց Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Հասաւ Կիսաւարտականին

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պէյրութի աղջիկները բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեցին Մութթահետի դէմ` 61-49 արդիւնքով: Կիսաւարտականին ՀՄԸՄ Պէյրութ կը մրցի Պէյրութի դէմ:

Ճատրակ.  Ս. Զատկուան Մրցաշարք` ՀՄԸՄ Անթիլիասի Մասնաճիւղին Մէջ

Ճատրակ. Ս. Զատկուան Մրցաշարք` ՀՄԸՄ Անթիլիասի Մասնաճիւղին Մէջ

ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի ճատրակի դպրոցին մարզիկները ուրբաթ, 27 ապրիլին, ուրախութեամբ մասնակցեցան Ս. Զատկուան յատուկ եւ հաճելի յայտագիրի մը, որ կ՛ընդգրկէր ճատրակի խմբային մրցում մը, որուն յաջորդեց հիւրասիրութիւն: Ճատրակի այս իւրայատուկ մրցումը կը նկատուի քաջալերելի մանաւանդ որ անիկա եղաւ իւրայատուկ իր տեսակին մէջ` մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով հայ պատանիներուն մօտ: Վարձքը կատար` մասնաճիւղի ճատրակի պատասխանատուներուն:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Պէյրութ – Ռիատի Երրորդ Մրցումը

PRՕFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երրորդ ճակատումին, այսօր` չորեքշաբթի, 1 մայիսին, իրարու դէմ կը մրցին Պէյրութ եւ Ռիատի: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Շիահի մարզադաշտին վրայ: Այժմ արդիւնքը կ՛ընթանայ 1-1 հաւասարութեամբ: Առաջին մրցումին, Պէյրութ իր դաշտին վրայ արձանագրեց 86-72 արդիւնքով յաղթանակ մը, մինչ երկրորդին, Ռիատի 20 կէտի տարբերութեամբ (95-75) յաղթանակ...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոն – Աղջկանց Ա. Դասակարգի Ակումբներ Հանդիպում

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Տղաք – Բ. Դասակարգ. Թատամոն Զուք – Անիպալ Զահլէ Աւարտականի Առաջին Մրցումը` Հինգշաբթի, 2 Մայիսին

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը նախորդ շաբաթավերջին հրապարակեց տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի աւարտականի մրցումներուն յայտագիրը, ուր իրարու դէմ կը մրցին Թատամոն Զուք եւ Անիպալ Զահլէ: Անոնց միջեւ առաջին մրցումը տեղի կ՛ունենայ հինգշաբթի, 2 մայիսին, երեկոյեան ժամը 21:30-ին: «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ (Ճիւնի): Երկրորդը` Զահլէի մէջ, շաբաթ, 4 մայիսին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին: Հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ...

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Պարսելոնա – Լիվըրփուլ

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Պարսելոնա «Քամփ-Նու» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Լիվըրփուլը: Անոնց միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 7 մայիսին, Անգլիոյ մէջ: Այսօրուան մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարն է հոլանտացի Պիոռն Քուիփերս:  

«Լա Լիկա». Պարսելոնա Հանդիսացաւ Ախոյեան` 26-րդ Անգամ Ըլլալով

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա լիկա») 35-րդ հանգրուանի մրցումները: Վերջին 11 տարիներուն, Պարսելոնա 8-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ երկրի ախոյեան, շուրջ 92 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան «Քամփ Նու»-ի իր դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Լեվանթէի (15-րդ): Բ. կիսախաղին դաշտ ներկայացած Լիոնել Մեսսի, 62-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին եւ մրցումին միակ կոլը: Այսպիսով, ախոյեանութեան աւարտէն երեք հանգրուան առաջ, Պարսելոնա,...

premier league-logo

«Փրեմիեր Լիկ». Մանչեսթըր Սիթի – Լիվըրփուլ Պայքարը Կը Շարունակուի

Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան («Փրեմիեր լիկ») 2018-2019 տարեշրջանի աւարտէն երկու հանգրուան առաջ, պայքարը կը շարունակուի Մանչեսթըր Սիթիի եւ Լիվըրփուլի միջեւ, որոնք կը պայքարին տիտղոսին տիրանալու համար: 36-րդ հանգրուանին Սիթի 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Պըրնլիի դաշտէն (15-րդ), մինչ Լիվըրփուլ ջախջախեց իր հիւրը` Հատըրսֆիլտը (վերջին)` 5-0 արդիւնքով: Սիթի այժմ 92 կէտով առաջին է, մինչ Լիվըրփուլ 2-րդ` 91 կէտով: Այս հանգրուանի գագաթի...

Page 709 of 1279 1 … 708 709 710 … 1,279

Արխիւներ