Մարզական

Հայկական Ֆութպոլ. Ալաշկերտ` Հայաստանի Բաժակակիր

Հայաստանի ֆութպոլի եռակի ախոյեան Ալաշկերտ Երեւան հանդիսացաւ Հայաստանի 2018-2019 տարեշրջանի բաժակակիր: Երեւանի Բանանց մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած աւարտական ճակատումին, Աբրահամ Խաշմանեանի գլխաւորած խումբը մրցեցաւ Արթուր Պետրոսեանի ղեկավարութեամբ հանդէս եկող Լոռի Վանաձորի դէմ` արձանագրելով 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: 65-րդ վայրկեանին Լոռիի ֆութպոլիստ Ֆրայտի սխալմամբ իր բերդին մէջ նշանակեց մրցումին միակ կոլը: Ալաշկերտ առաջին անգամ ըլլալով կը դառնայ Հայաստանի բաժակակիր:

Թենիս. Տաւիտ Ֆերեր Աւարտեց Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Մատրիտի մէջ (Սպանիա) տեղի ունեցող թենիսի միջազգային մրցաշարքի ծիրին մէջ, սպանացի Տաւիտ Ֆերեր Գ. հանգրուանին գծով 6-4 եւ 6-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց գործող գերմանացի ախոյեան, Ալեքսանտր Զվերեւէն: Տաւիտ Ֆերեր 37 տարեկան Ֆերերի համար այս մրցումը եղաւ վերջինը` նկատի ունենալով, որ ան յայտարարեց, թէ պաշտօնապէս կը լքէ իր արհեստավարժ ասպարէզը: Ան իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին տիրացած է 27 տիտղոսի: Ան...

Պարսելոնայի Ղեկավարութիւնը Կ՛ուզէ Հեռացնել Վալվերտէն

Սպանական «Մարքա» մարզական օրաթերթին հաղորդած տեղեկութիւններուն համաձայն, Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան հանդիսացած Պարսելոնայի ղեկավարութիւնը կ՛ուզէ այս տարեշրջանի աւարտէն ետք հեռացնել ակումբի գլխաւոր մարզիչ սպանացի Էռնեսթօ Վալվերտէն: «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի դարձի մրցումին խումբին կրած ծանր պարտութիւնը` Լիվըրփուլէն (4-0), Պարսելոնայի պատասխանատուներուն համար եղաւ անմարսելի: Վալվերտէ այս տարեշրջանին Պարսելոնայի հետ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգած էր մինչեւ յառաջիկայ տարեշրջանին աւարտը: Քաթալոնական ակումբը կը...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Զուտ Անգլիական Աւարտական` 1 Յունիսին

«Չեմփիընզ Լիկ». Զուտ Անգլիական Աւարտական` 1 Յունիսին

1 յունիսին տեղի ունեցող «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականը պիտի ըլլայ զուտ անգլիական: Լիվըրփուլէն ետք Թոթենհամ իր կարգին հասաւ աւարտականին` մրցաշարքէն դուրս ձգելով հոլանտական Այաքս Ամսթերտամը, անոր դէմ արձանագրելով 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը: Երթին Թոթենհամ, որ իր դաշտին վրայ կրած էր 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը, օգտուեցաւ օտար դաշտի վրայ կոլ նշանակելու առաւելութենէն: Լուքաս Մուրա Լոնտոնեան կազմին` Թոթենհամի յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ...

Ռէալ Մատրիտ Մտադիր Չէ 280 Միլիոն Եւրօ Վճարել Մպափէի Համար

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 2018-2019 տարեշրջանի աւարտին, Ռէալ Մատրիտի գլխաւոր մարզիչ Զինետին Զիտանի տրամադրութեան տակ պիտի ըլլայ 350 միլիոն եւրօ` խումբը օժտելու համար նորեկ մարզիկներով: Քիլիան Մպափէ Սակայն նշուեցաւ, որ Ռէալ Մատրիտ պատրաստ չէ 280 միլիոն եւրօ յատկացնելու Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Քիլիան Մպափէի համար: Յայտնենք, որ անոր պայմանագրութիւնը ֆրանսական ակումբին հետ նախատեսուած է...

5 Տարուան Բացակայութենէ Մը Ետք. Շահան Սարգիսեան Վերադարձաւ Մրցումի Ինքնաշարժներու Աշխարհ

Լիբանանահայ փորձառու վարորդ Շահան Սարգիսեան 5 տարուան բացակայութենէ մը ետք վերադարձաւ մրցումի ինքնաշարժներու աշխարհ` իր մասնակցութիւնը բերելով «Ճի. Թի.-4»-ի Ֆրանսայի ախոյեանութեան: Ան, իրեն օգնական ունենալով Ժիհատ Ապու Ժաուտէն, վարեց «Քէյ-Ուորքս Ճինեթթա Ճի. 55» ինքնաշարժը եւ մասնակցեցաւ Նակարոյի մէջ (Ֆրանսա) տեղի ունեցող «Էմ.» դասակարգի տարեշրջանի բացման մրցումին: Ազատ փորձերու ընթացքին ան քիչ մը անբախտ դուրս եկաւ` իր ինքնաշարժին հետ կապուած որոշ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Անիպալ Զահլէ Բարձրացաւ Ա. Դասակարգ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Անիպալ Զահլէ Բարձրացաւ Ա. Դասակարգ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի ճակատումին, Անիպալ Զահլէ 3-0 արդիւնքով (ընդամէնը` 5 մրցում) գերազանցելէ ետք Թատամոն Զուքին, հանդիսացաւ Բ. դասակարգի ախոյեան եւ բնականաբար ապահովեց Ա. դասակարգի իր տոմսը: Անոնց միջեւ տեղի ունեցած առաջին երկու մրցումները աւարտեցան Անիպալի յաղթանակով: Երրորդ մրցումին Թատամոն դաշտ չներկայանալով պարտուած հռչակուեցաւ: Աւարտին տեղի ունեցաւ ախոյեան հանդիսացած Անիպալ Զահլէի մրցանակաբաշխութիւնը: Թատամոն այժմ փլէյ-օֆի մրցումներ...

Դրամատուներու Եւ Ընկերութիւններու Աղջկանց Պասքեթպոլի Մրցաշարք

Դրամատուներու Եւ Ընկերութիւններու Աղջկանց Պասքեթպոլի Մրցաշարք

Լուպնան Եւ Մահժար Դրամատունը Տիրացաւ Տիտղոսին Հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով «Սփորթց-Մանիա» ընկերութիւնը կազմակերպեց դրամատուներու եւ ընկերութիւններու աղջկանց պասքեթպոլի մրցաշարքը: Լուպնան եւ Մահժար դրամատունը տիրացաւ տիտղոսին, աւարտականին 61-56 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք ՄԱԿ-ի Բարգաւաճման ծրագիրի խումբին դէմ: Աւարտականի այս մրցումին ներկայ գտնուեցան մեծաթիւ հանդիսատեսներ, որոնք քաջալերեցին երկու խումբերը: Տիտղոսակիր խումբը յառաջիկայ յուլիսին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ...

Մխիթարեան Շատ Հաւանաբար Վերադառնայ «Պունտըսլիկա»

Գերմանական մամուլին համաձայն, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Արսենալի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան շատ հաւանաբար վերադառնայ «Պունտըսլիկա»: Նշուեցաւ, որ ան վերադառնալով «Պունտըսլիկա» պիտի միանայ իր նախկին ակումբին, որուն հետ հանդէս եկած է` 2013-2016 ժամանակամիջոցին: Մխիթարեանի գործակատարը դէմ չէ, որ ան վերադառնայ Գերմանիա: Անձամբ Հենրիխ Մխիթարեան ոչ մէկ մեկնաբանութիւն կը կատարէ այս առնչութեամբ:

«Էն. Պի. Էյ.» Ռեփթըրզ Եւ Նակեթց 3-2 Արդիւնքով Գերազանցեցին Իրենց Մրցակիցները

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի կիսաւարտականին ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան երկու ճակատումներ: Իրենց արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ, Թորոնթօ Ռեփթըրզ (արեւելեան շրջան) եւ Տենվըր Նակեթց (արեւմտեան շրջան) 3-2 արդիւնքով գերազանցեցին իրենց մրցակիցները: Ռեփթըրզ իր յաղթանակը արձանագրեց Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզի դէմ (125-89), մինչ երկրորդ մրցումին Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 124-98 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Տենվըր Նակեթցէն:  

Նէյմար Կրնայ Տեղափոխուիլ «Փրեմիեր-Լիկ»

«Տոն Պալոն» կը հաղորդէ, որ Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Նէյմար «Լիկ-1»-ի ախոյեանութեան աւարտէն ետք շատ հաւանաբար տեղափոխուի «Փրեմիեր-Լիկ»: Այս տարեշրջանին Նէյմար 26 մրցումի ընթացքին նշանակեց 21 կոլ եւ կատարեց 12 էսիսթ:  

«Եւրոպայի-Լիկա». Վալենսիա – Արսենալ Մրցումին Իրաւարարները` Հոլանտայէն

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ այսօր` հինգշաբթի, 9 մայիսին, Վալենսիա - Արսենալ «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտականի դարձի մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Հոլանտայէն: Կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ Տենի Մաքելի: Երթի մրցումին, Արսենալ Լոնտոնի մէջ արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Եթէ պատահի, որ սպանական կազմը արձանագրէ նուազագոյնը 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, Արսենալ պիտի չկարենայ հասնիլ աւարտականին:

Ռոպեն Շատ Հաւանաբար Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Շարունակէ Փորթուգալի Մէջ

Պայէրն Միւնիխին մաս կազմող հոլանտացի ֆութպոլիստ Արժեն Ռոպեն շատ հաւանաբար իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Փորթուգալի մէջ, կը յայտնէ գերմանական մամուլը: 35 տարեկան Ռոպենով մօտէն հետաքրքրուած է Պենֆիքա: Երկու այլ ակումբներ եւս` ՓՍՎ Այնտհովըն եւ Այաքս Ամսթերտամ, հետաքրքրուած են Ռոպենով:  

Հովանաւորութեամբ Զբօսաշրջութեան Նախարար Աւետիս Կիտանեանի. «Ժապալ Մարաթոն» Միութեան «Մարաթոն Ժապալ»-ի Մրցումին Մասնակցեցան Հազարաւոր Վազողներ

Կազմակերպութեամբ «Ժապալ Մարաթոն» միութեան, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Մարաթոն Ժապալ»-ի վազքի մրցումը` հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, որուն ներկայացուցիչն էր Ռիշա Ապու Ալիուիա: Մրցումին ազդանշանը տրուեցաւ Պաթերէն (Շուֆ)` մասնակցութեամբ հազարաւոր վազողներու, Շուֆի եւ Ժեզզինի շրջանէն, տարբեր դասակարգերու մէջ: Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Սքուատրա` 45-54

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի կիսաւարտական հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ - Սքուատրա երկրորդ մրցումը` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, կրելով իր երկրորդ պարտութիւնը, այս անգամ` 54-45 արդիւնքով, չկրցաւ հասնիլ աւարտական հանգրուան:

Փինկ Փոնկ. Մարիա Թաննուս Մեկնեցաւ Թայլանտ

Արեւմտեան Ասիոյ 12 տարեկանէն վար փինկ փոնկի ախոյեան հանդիսացած Մարիա Թաննուս մեկնեցաւ Պանքոք (Թայլանտ)` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Ասիոյ ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին: Անոր կ՛ընկերակցի իր մարզիչը` Կեպի Արիտա, որ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի հիւսիսային Լիբանանի նահանգին նախագահն է: Անոր հետ միասին այս ախոյեանութեան կը մասնակցի Սալեմ Զազա (Սուրիա). Այս ախոյեանութեան կը մասնակցին ասիական 12 երկիրներ: Արեւմտեան Ասիա ունի երկու ներկայացուցիչ:

Ընկերակցութեամբ Ռապիհ Աքիքիի. Լիբանանի Քոնկ Ֆու – Ուու Շուի Ֆետերասիոնին Ընդհանուր Քարտուղարը Այցելեց Ժիհատ Սալամէի

Վերջերս Փորթուգալի մէջ տեղի ունեցած «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. Էյ. Սի.»-ի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերած եւ երկու պրոնզ մետալի տիրացած Ռապիհ Աքիքի` ընկերակցութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Պասսամ Նուհրայի, յատուկ այցելութիւն մը տուաւ միջազգային ողիմպիական դասախօս, Մոն լա Սալ ակումբի նախագահ Ժիհատ Սալամէին: Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ շնորհակալութիւն յայտնելու Սալամէին, որ այս ախոյեանութեան զօրավիգ կանգնեցաւ Աքիքիին: Սալամէ շնորհաւորեց Աքիքին...

Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Աւարտական Մրցումին Իրաւարարները Պիտի Ըլլան Սպանիայէն

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին, ուր իրարու դէմ պիտի մրցին Ալաշկերտ Երեւան եւ Լոռի Վանաձոր, յատուկ կարգադրութեամբ մը օրուան իրաւարարները պիտի ըլլան Սպանիայէն: Օրուան կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ Ալպերթօ Ունտիանօ Մալենքօ, իսկ կողմի իրաւարարները` Ինիկօ Փրիեթօ Լոփես եւ Ռոպերթօ Ալֆոնսօ Ֆեռնանտես: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Բանանց Երեւանի մարզադաշտին վրայ (8 մայիս):

Ժիւտօ. Սուսաննա Ստեփանեան` Եւրոպայի Բաժակակիր

Հայաստանի ժիւտոյի պատանեկան հաւաքականին հետ Ռումանիոյ մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ Սուսաննա Ստեփանեան, որ յաջողած է բաւական տպաւորիչ ելոյթներ արձանագրելով 40 քկ դասակարգին մէջ դառնալ ոսկիէ մետալակիր: Գիւմրեցի մարզիկը, որ երկրորդ անգամ ըլլալով իր մասնակցութիւնը կը բերէր միջազգային մրցաշարքի մը, երկրորդ անգամն ըլլալով կը դառնար տիտղոսակիր: Հայաստանի պատանեկան հաւաքականը Ռումանիա մեկնած էր աւագ մարզիչ Յովհաննէս...

«Էն. Պի. Էյ.». Ռոքեթց Յաղթեց Ուորիըրզին Եւ Արդիւնքը Հաւասարեցուց (2-2)

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած Հիուսթըն Ռոքեթց - Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ կիսաւարտականի չորրորդ մրցումին (արեւմտեան շրջան), Հիուսթըն Ռոքեթց 112-108 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով իր հիւրին դէմ, արդիւնքը հաւասարեցուց 2-2: Ռոքեթց - Ուորիըրզ մրցումէն Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ճէյմս Հարտեն նշանակեց 38 կէտ, մինչ Քեւին Տիւրանթ (Ուորիըրզ)` 34 կէտ: Միլուոքի Պաքս (արեւելեան շրջան) 113-101 արդիւնքով յաղթանակ մը...

Page 707 of 1279 1 … 706 707 708 … 1,279

Արխիւներ