Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 32-րդ հանգրուանի մրցումներուն, առաջին դիրքին վրայ գտնուող Պայէրն Միւնիխ 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց` պարտութեան մատնելով իր հիւրը` վերջին դիրքը գրաւող Հանովըր-96-ը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Պայէրն ունեցաւ 4 կէտի առաւելութիւն մը երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Պորուսիա Տորթմունտին վրայ, որ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Վերտըր Պրեմընի դաշտին վրայ:

Պրեմընի հաւասարութեան կոլը նշանակեց 40 տարեկան փերուցի Քլաուտիօ Փիցցարօ (75-րդ):
Գերմանիոյ ախոյեանին անունը մնաց անորոշ, հակառակ անոր որ Պայէրն այժմ 4 կէտի առաւելութիւն մը ունի Տորթմունտի վրայ: