Նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ Լիբանանի տղոց փինկ փոնկի Բ. դասակարգի ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին շուրջ 90 ակումբներ` Լիբանանի տարբեր նահանգներէն: Մրցումները տեղի ունեցան Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ):
Ֆատի Աքտաս (Պաուշրիէ) հանդիսացաւ ախոյեան, աւարտական մրցումին յաղթելէ ետք Շապապ Հարեթ Սայտային` 3-0 արդիւնքով:
Այսպիսով, յաղթական խումբը ապահովեց Ա. դասակարգի իր տոմսը, մինչ Շապապ Հարեթ Սայտա փլէյ-օֆի մրցումի պիտի մասնակցի` Ա. դասակարգի 11-րդ դիրքը գրաւող խումբին հետ:
Երրորդ դիրքի մրցումին, Ժամհուր 3-2 արդիւնքով յաղթեց Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմային:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: