Փարիզ Սեն Ժերմենի քաթարցի սեփականատէրերը մտադիր են Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի մոնտիալէն ետք կրճատել ֆրանսական ակումբին ֆինանսաւորումը կամ ծախել զայն, կը յայտնէ ֆրանսական մամուլը:
Ծրագիրներու փոփոխութեան պատճառը Ֆրանսայի մէջ մնայուն քննադատութիւնն է Քաթարի նկատմամբ եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ղեկավարութեան ոչ դրական վերաբերմունքը` Փարիզ Սեն Ժերմենի ղեկավարութեան նկատմամբ:
Բացի վերոնշեալներէն, սեփականատէրերը դժգոհ են խումբին արձանագրած արդիւնքներէն եւ բարձր տուրքերէն:
2011-էն ի վեր Փարիզ Սեն Ժերմեն երկրին իշխանութեան վճարած է 1 միլիոն եւրօ տուրք: