Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով` Ներքին ապահովութեան ուժերու մինի-ֆութպոլի խումբը հանդիսացաւ Լիբանանի բաժակակիր` աւարտականին յաղթելէ ետք տիտղոսի գլխաւոր թեկնածու նկատուող Մաժտ Ղազիէի:
Տիտղոսակիր հանդիսացած խումբը կիսաւարտականին յաղթած էր Լիբանանեան բանակին:
Աւարտական այս մրցումին երկու կիսախաղերը աւարտեցան 2-2 հաւասարութեամբ, այնուհետեւ դիմուեցաւ փենալթիներու, անոնցմէ յաղթական դուրս եկաւ Ներքին ապահովութեան ուժերու խումբը` 2-1 արդիւնքով:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:
Աւարտականի այս մրցումին կիրարկուեցաւ «ՎԱՐ» համակարգի օրէնքը, որ հետզհետէ կը դառնայ միջազգային եւ որուն ընթացքին օրուան կեդրոնի իրաւարարը կը դիմէ տեսերիզի կրկնութեան` իր վճիռները արձակելու համար: