Հայ արհեստավարժ կռփամարտիկ Արամ Աւագեան Լաս Վեկասի «ԹԻ-Մոպայլ-Արենա»-ին մէջ տեղի ունեցած 10 ռաունտնոց մենամարտին ընթացքին պաշտպանեց կիսաթեթեւ քաշային կարգի «Տապըլիու-Պի. Սի.»-ի միջազգային արծաթ գօտին:
28 տարեկան Աւագեան, որ մենամարտեցաւ ամերիկացի Ֆրանչեսքօ Էսփարզայի դէմ, արձանագրեց իր 9-րդ յաղթանակը արհեստավարժ մրցումի ընթացքին: Ան արձանագրած է նաեւ հաւասարութիւն մը եւ կրած պարտութիւն մը:
Գլխաւոր մենամարտին միջին քաշային, «Տապըլիու. Պի. Էյ. Սուփըր» եւ «Տապըլիու. Պի. Սի.» վարկածներով աշխարհի ախոյեան մեքսիքացի Սաուլ Ալվարեզ 12 ռաունտնոց ճակատումէ մը ետք յաղթեց «Այ. Պի. Էֆ.»-ի վարկածով աշխարհի ախոյեան ամերիկացի Տանիել Ճէյքոպսին եւ ստացաւ 35 միլիոն եւրօ: