Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին, ուր իրարու դէմ պիտի մրցին Ալաշկերտ Երեւան եւ Լոռի Վանաձոր, յատուկ կարգադրութեամբ մը օրուան իրաւարարները պիտի ըլլան Սպանիայէն:
Օրուան կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ Ալպերթօ Ունտիանօ Մալենքօ, իսկ կողմի իրաւարարները` Ինիկօ Փրիեթօ Լոփես եւ Ռոպերթօ Ալֆոնսօ Ֆեռնանտես:
Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Բանանց Երեւանի մարզադաշտին վրայ (8 մայիս):