Արեւմտեան Ասիոյ 12 տարեկանէն վար փինկ փոնկի ախոյեան հանդիսացած Մարիա Թաննուս մեկնեցաւ Պանքոք (Թայլանտ)` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Ասիոյ ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին:
Անոր կ՛ընկերակցի իր մարզիչը` Կեպի Արիտա, որ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի հիւսիսային Լիբանանի նահանգին նախագահն է:
Անոր հետ միասին այս ախոյեանութեան կը մասնակցի Սալեմ Զազա (Սուրիա).
Այս ախոյեանութեան կը մասնակցին ասիական 12 երկիրներ:
Արեւմտեան Ասիա ունի երկու ներկայացուցիչ: