«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած Հիուսթըն Ռոքեթց – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ կիսաւարտականի չորրորդ մրցումին (արեւմտեան շրջան), Հիուսթըն Ռոքեթց 112-108 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով իր հիւրին դէմ, արդիւնքը հաւասարեցուց 2-2:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ճէյմս Հարտեն նշանակեց 38 կէտ, մինչ Քեւին Տիւրանթ (Ուորիըրզ)` 34 կէտ:
Միլուոքի Պաքս (արեւելեան շրջան) 113-101 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Պոսթըն Սելթիքսի դաշտին վրայ եւ ունեցաւ 3-1 արդիւնքով գերակայութիւն մը անոր վրայ: Ճիաննիս Անթեթոքունմփօ (Պաքս) նշանակեց 39 կէտ, իսկ Քիրի Ըրվինկ (Սելթիքս)` 23 կէտ:
Յայտնենք, որ Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ եւ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Տենվըր Նակեթց ճակատումները կ՛ընթանան 2-2 հաւասարութեամբ: