Մատրիտի մէջ (Սպանիա) տեղի ունեցող թենիսի միջազգային մրցաշարքի ծիրին մէջ, սպանացի Տաւիտ Ֆերեր Գ. հանգրուանին գծով 6-4 եւ 6-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց գործող գերմանացի ախոյեան, Ալեքսանտր Զվերեւէն:
37 տարեկան Ֆերերի համար այս մրցումը եղաւ վերջինը` նկատի ունենալով, որ ան յայտարարեց, թէ պաշտօնապէս կը լքէ իր արհեստավարժ ասպարէզը:
Ան իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին տիրացած է 27 տիտղոսի:
Ան 2013-ին հասաւ Ֆրանսայի բաց ախոյեանութեան աւարտականին:
Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայազգի Կարէն Խաչանով իր կարգին Գ. հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին պարտութիւն կրեց սպանացի Ֆեռնանտօ Վերտասքոյէն (7-6, 1-6, 5-7): Սպանացին 2 ժամ եւ 30 վայրկեան տեւած պայքարէ մը ետք յաղթեց 22 տարեկան Խաչանովի: