Սպանական «Մարքա» մարզական օրաթերթին հաղորդած տեղեկութիւններուն համաձայն, Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան հանդիսացած Պարսելոնայի ղեկավարութիւնը կ՛ուզէ այս տարեշրջանի աւարտէն ետք հեռացնել ակումբի գլխաւոր մարզիչ սպանացի Էռնեսթօ Վալվերտէն:
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի դարձի մրցումին խումբին կրած ծանր պարտութիւնը` Լիվըրփուլէն (4-0), Պարսելոնայի պատասխանատուներուն համար եղաւ անմարսելի:
Վալվերտէ այս տարեշրջանին Պարսելոնայի հետ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգած էր մինչեւ յառաջիկայ տարեշրջանին աւարտը:
Քաթալոնական ակումբը կը քննարկէ նաեւ պրազիլցի միջնապահ Ֆելիփէ Քութինիոյի փոխանցման հարցը, որովհետեւ ան իր վրայ դրուած յոյսերը չարդարացուց:



