Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի ճակատումին, Անիպալ Զահլէ 3-0 արդիւնքով (ընդամէնը` 5 մրցում) գերազանցելէ ետք Թատամոն Զուքին, հանդիսացաւ Բ. դասակարգի ախոյեան եւ բնականաբար ապահովեց Ա. դասակարգի իր տոմսը:
Անոնց միջեւ տեղի ունեցած առաջին երկու մրցումները աւարտեցան Անիպալի յաղթանակով:
Երրորդ մրցումին Թատամոն դաշտ չներկայանալով պարտուած հռչակուեցաւ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ ախոյեան հանդիսացած Անիպալ Զահլէի մրցանակաբաշխութիւնը:
Թատամոն այժմ փլէյ-օֆի մրցումներ պիտի կատարէ Սաժեսի դէմ` յստականալու համար, որ յառաջիկայ տարեշրջանին ո՛ր խումբը մաս պիտի կազմէ Ա. դասակարգին:
PROFOTO