Վերջերս Փորթուգալի մէջ տեղի ունեցած «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. Էյ. Սի.»-ի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերած եւ երկու պրոնզ մետալի տիրացած Ռապիհ Աքիքի` ընկերակցութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Պասսամ Նուհրայի, յատուկ այցելութիւն մը տուաւ միջազգային ողիմպիական դասախօս, Մոն լա Սալ ակումբի նախագահ Ժիհատ Սալամէին:
Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ շնորհակալութիւն յայտնելու Սալամէին, որ այս ախոյեանութեան զօրավիգ կանգնեցաւ Աքիքիին:
Սալամէ շնորհաւորեց Աքիքին իր ձեռք ձգած այս յաջողութեան համար, որուն ընդմէջէն ան եկաւ բարձր պահելու Լիբանանի անունը` միեւնոյն ժամանակ անոր մաղթելով յաւելեալ յաջողութիւն:
Աւարտին Նուհրա եւ Աքիքի, յատուկ յուշանուէր մը յանձնեցին Սալամէին: