Մարզական

«ՖԻՖԱ»-ն Եւս Կախակայեց Ռայոլան

«ՖԻՖԱ»-ի կարգապահական կոմիտէն որոշեց հետեւիլ Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին եւ գործակատարներ Մինօ Ռայոլան եւ անոր եղբայրը` Վինչենցոն զրկել ֆութպոլի գործունէութեամբ զբաղելէ` աշխարհի տարածքին: Մինօ Ռայոլա կախակայուեցաւ երեք ամիսով, մինչ անոր եղբայրը` երկու ամիսով: Ցարդ անոնց կախակայումներուն պատճառը չի նշուիր:

Անթոնիօ Քոնթէ Պիտի Գլխաւորէ Ինթեր Միլանը

Իտալացի Անթոնիօ Քոնթէ պիտի նշանակուի Ինթեր Միլանի գլխաւոր մարզիչ` փոխարինելով Լուչիանօ Սփալեթթին, յայտնեց իտալական մամուլը: 49 տարեկան մասնագէտը երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց: Ինթեր նպատակ ունի նաեւ այս ամրան ընթացքին խումբին միացնել Մանչեսթըր Եունայթըտի յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքուն: Քոնթէ, որ նախապէս Չելսիի մարզիչն էր, 2016-ին իր կազմին հետ հանդիսացաւ Անգլիոյ ախոյեան:

Մանչեսթըր Եունայթըտ Հրաժեշտ Տուաւ Անտեր Հերերային

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ հրաժեշտ տուաւ 29 տարեկան միջնապահ Անտեր Հերերային: Սպանացի ֆութպոլիստը ազատ գործակալի կարգավիճակ պիտի ստանայ այս տարեշրջանի աւարտէն ետք: Շատ հաւանական է, որ ան պայմանագրութիւն մը ստորագրէ Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ: Ան 2014-ի ամրան փոխան 36 միլիոն եւրոյի միացաւ Եունայթըտին` անոր հետ կատարելով 189 մրցում, նշանակելով 20 կոլ եւ տիրանալով 4 տիտղոսի:

Եայա Թուրէ Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Պարսելոնայի եւ Մանչեսթըր Սիթիի նախկին մարզիկ Եայա Թուրէ աւարտեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: 35 տարեկան փղոսկրեայ ափունքցին մարզիչի արտօնագիր ստացաւ եւ այս ամրան պիտի սկսի մարզիչի իր նոր ասպարէզին:  

«Ազրպէյճան Երաշխաւորեց Մխիթարեանի Մուտքն Ու Անվտանգութիւնը»  Յայտնեց «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն

«Ազրպէյճան Երաշխաւորեց Մխիթարեանի Մուտքն Ու Անվտանգութիւնը» Յայտնեց «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն

Լոնտոնեան Արսենալի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանին ոչինչ կը սպառնայ Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական մրցումին ընթացքին, յայտնեց «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ: Մխիթարեան Ազրպէյճանի սահմանապահներուն կողմէ «սեւ ցանկ»-ի վրայ կը գտնուի` բազմիցս Արցախ այցելելուն պատճառով: «Մենք երաշխիքներ պահանջած ենք, որ Մխիթարեան ոչ մէկ խնդիր ունենայ: Ազրպէյճանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը հաստատեց, որ...

Ճատրակ.  Կիրակի, 30 Ապրիլին` Լիբանանի Դպրոցական Ախոյեանութիւնը

Վաղը` Կիրակի, 12 Մայիսին. Ճատրակի Միօրեայ Մրցաշարք` ՀՄԸՄ Պէյրութի Ակումբին Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, վաղը` կիրակի, 12 մայիսին, ՀՄԸՄ Պէյրութի ակումբին մէջ (Զոքաք Պլաթ) տեղի կ՛ունենայ ճատրակի միօրեայ տարիքային մրցաշարք մը: Տեղի կ՛ունենան տղոց եւ աղջկանց 8, 10, 12, 14 եւ 16 տարեկան դասակարգերու մրցումներ: Արձանագրութեան սակ ճշդուած է 15 հազար լիբանանեան ոսկին: Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն այս մրցաշարքին մասնակցիլ, պէտք է կապ հաստատեն Գէորգ...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Վաղը` Ինթեր Միլան – Լացիօ Ռոմա. Գերմանիոյ Եւ Ֆրանսայի Մէջ` Երթի Վերջին Հանգրուանի Մրցումները

Եւրոպական Ֆութպոլ. Վաղը Կը Յստականայ Անգլիոյ Ախոյեանին Անունը

Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութիւնը` «Փրեմիեր լիկ»-ը վաղը կ՛աւարտի, երբ տեղի կ՛ունենայ 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները: Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Մանչեսթըր Սիթի, որ ունի 95 կէտ եւ կէտով մը կը գերազանցէ Լիվըրփուլը (2-րդ), հիւրը պիտի ըլլայ Պրայթընի (17-րդ): Լիվըրփուլ կը հիւրընկալէ Վուլվզը (7-րդ): Ինչ ալ ըլլայ Լիվըրփուլի արձանագրելիք արդիւնքը, եթէ Մանչեսթըր Սիթի յաղթէ Պրայթընին, պիտի հռչակուի 2018-2019 տարեշրջանի ախոյեան:...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Կիրակի, 26 Մայիսին` Լողարշաւի 2-րդ Բաց Մրցումը

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնին, կիրակի, 26 մայիսին տեղի պիտի ունենայ լողարշաւի 2-րդ բաց մրցումը, Ճիւնիի ծոցին մէջ: Նկատի առնուած են 1, 3 եւ 6 քիլոմեթրի տղոց եւ աղջկանց մրցումներ` հետեւեալ դասակարգերուն մէջ. 15 տարեկան եւ վար, 16-20 տարեկան, 21-39, 40-49 եւ 50 եւ վեր: Կազմակերպիչները յայտնեցին, որ դիւրացնելու համար իրենց եւ Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնին...

Լիվըրփուլ Նոր Պայմանագրութիւն Մը Առաջարկեց Քլոփին

Անգլիական մամուլը կը հաղորդէ, որ Լիվըրփուլ ֆութպոլի ակումբը նոր պայմանագրութիւն մը առաջարկեց իր գլխաւոր մարզիչին` Եիւրկըն Քլոփին: Եթէ նոր պայմանագրութեան համաձայն գտնուի Քլոփ, անիկա նախատեսուած է մինչեւ 2024: Անիկա իր մէջ կ՛ընդգրկէ նաեւ աշխատավարձի յաւելում ալ` 7 միլիոն սթերլինկէն 8,5 միլիոն սթերլինկ: 51 տարեկան մասնագէտին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2022: Քլոփ, որ 2015-էն ի վեր կը գլխաւորէ Լիվըրփուլը, իր կազմին...

Ալեկրի Որոշեց Հեռանալ Եուվենթուսէն

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան Եուվենթուսի գլխաւոր մարզիչ Մասիմիլիանօ Ալեկրի որոշեց այս տարեշրջանի աւարտին հեռանալ իր ակումբէն: Ակումբին նախագահը եւ Ալեկրին իրարու հետ տարակարծութիւններ ունին մարզիկներու փոխանցման հարցին առնչութեամբ, կը յայտնէ իտալական մամուլը: Նշուեցաւ, որ իտալացի մասնագէտը կը քննարկէ Փարիզ Սեն Ժերմենէն իրենց ներկայացուած առաջարկ մը: Ըստ կարգ մը տեղեկութիւններու, որոնք այդքան ալ պաշտօնական չեն, Ալեկրին փոխարինողը պիտի ըլլայ Անթոնիօ Քոնթէ, որ...

Շալքէ Ունեցաւ Իր Նոր Մարզիչը

Գերմանացի մասնագէտ Տէյվիտ Վակնըր նշանակուեցաւ Շալքէի մարզիչ, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ակումբը 47 տարեկան Վակնըրի հետ կնքեց պայմանագրութիւն մը, որ նախատեսուած է մինչեւ 2019-2020 տարեշրջանին աւարտը: «Պունտըսլիկա»-ի 33-րդ եւ նախավերջին հանգրուանին նախօրեակին, Շալքէ կը գրաւէ դասաւորման 15-րդ դիրքը:

Պեքհամ Զրկուեցաւ Ինքնաշարժ Վարելու Իր Արտօնագիրէն

«Տը Միրըր» հաղորդեց, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիկ Տէյվիտ Պեքհամ կէս տարիով զրկուեցաւ ինքնաշարժ վարելու իր արտօնագիրէն, Լոնտոնի մէջ ինքնաշարժ վարելու ընթացքին հեռաձայնով խօսելու պատճառով: Միջադէպը տեղի ունեցած է նախորդ տարի` 21 նոյեմբերին: Այս մասին Լոնտոնի բնակիչներէն մէկը, որուն անունը չէ հրապարակուած, տեղեակ պահած է ոստիկանութիւնը: Պեքհամ ընդունած է իր յանցանքը, համաձայն գտնուած է ընդունիլ կախակայումը եւ վճարել...

Նէյմար 3 Մրցումով Կախակայուեցաւ

Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը երէկ 3 մրցումով կախակայեց Փարիզ Սեն Ժեմենին մաս կազմող պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարը` Ռեննի դէմ տեղի ունեցած Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականի մրցումէն ետք համակիրի մը հրելուն եւ հարուածելուն համար: Այս միջադէպը տեղի ունեցաւ,  երբ Փարիզ Սեն Ժերմենի ֆութպոլիստները պատուոյ թրիպիւն կը բարձրանային իրենց արծաթէ մետալները ստանալու համար:

Թենիս. Ֆետերերի 1200-րդ Յաղթանակը

Զուիցերիացի անուանի թենիսմեն Ռոժէ Ֆետերեր, որ տիրացած է բազմաթիւ տիտղոսներու (աւելի քան 100), արձանագրեց իր արհեստավարժ ասպարէզին 1200-րդ յաղթանակը, երբ Մատրիտի Մասթըրզի թենիսի միջազգային մրցաշարքին գծով իր կատարած մրցումին 6-0, 4-6 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթեց ֆրանսացի Կայել Մոնֆիսին: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, 37 տարեկան Ֆետերեր ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը:

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Ռոժէ Ֆըղալի Տիրացաւ «Սփիտ-Թեսթ»-ի 3-րդ Հանգրուանի Մրցումին

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի, «Ար. Փի. Էմ.»-ի վազքուղիին վրայ (Մըթէյն) տեղի ունեցաւ 2019 տարեշրջանի «Սփիտ-Թեսթ»-ի 3-րդ հանգրուանի մրցումը` մասնակցութեամբ 63 ինքնաշարժներու եւ ներկայութեամբ մեծաթիւ հանդիսատեսներու: «ՊԻՍԸՐՀԱ» Արհեստավարժներու մրցումին Ռոժէ Ֆըղալի հանդիսացաւ առաջին, որ իր ինքնաշարժով` «Միթսուպիշի Լենսըր-Էվօ-6»-ով արձանագրեց 1' 52" 38 արդիւնք մը: Աղջկանց մրցումին առաջին դիրքը գրաւեց Էմիլի Ֆըղալի («Էվօ-10»), որ արձանագրեց 2' 14" 23 արդիւնք մը: «Ռընօ-Սփոր»...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր Կը Սկսի Աղջկանց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2018-2019 Տարեշրջանը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Պէյրութ – Սքուատրա Աղջկանց Աւարտականի Առաջին Մրցումը

Ինչպէս ծանօթ է, երկու խումբեր` Պէյրութ եւ Սքուատրա, ապահովեցին Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի աւարտական հանգրուանի իրենց տոմսերը, կիսաւարտականին յաջորդաբար յաղթելէ ետք ՀՄԸՄ Պէյրութի եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի: Անոնց միջեւ աւարտականի առաջին մրցումը տեղի կ՛ունենայ այսօր` ուրբաթ, 10 մայիսին, երեկոյեան ժամը 21:30-ին, Սաժես Այն Սաատէի դաշտին վրայ: Երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 12 մայիսին, երեկոյեան ժամը...

Լողարշաւ. Նաժահ Ակումբը Քաթարի Մէջ Տիրացաւ 96 Մետալի`

Լիբանանեան Նաժահ - Պէյրութ ակումբը, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ կատարուած լողարշաւի գարնանային միջազգային բաց ախոյեանութեան, յաջողեցաւ բացառիկ արդիւնքներ արձանագրելով տիրանալ 96 մետալի (40-ը` ոսկի, 36-ը` արծաթ, 20-ը` պրոնզ): Բացի ատկէ, անոր մարզիկները լիբանանեան երեք նոր մրցանիշներ հաստատեցին: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին 17 երկսեռ լողորդներ` իրենց մարզիչ ունենալով Մոհամետ Սաքըրը: Ախոյեանութեան աւարտին, որուն մասնակցեցան 15 ակումբներ, ինչպէս նաեւ...

«Եւրոպայի Լիկա». Արսենալ – Չելսի Զուտ Անգլիական Աւարտական

Երէկ գիշեր տեղի ունեցած Եւրոպայի լիկայի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի դարձի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան այն երկու խումբերը, որոնք աւարտականին պիտի մրցին իրարու դէմ: Արսենալ, որ երթին իր դաշտին վրայ յաղթած էր Վալենսիային (3-1), երէկուան մրցումին եւս յաղթանակ մը արձանագրեց, այս անգամ` 4-2 արդիւնքով: Փիեռ Էմերիք Օպամեյանկ հեթրիք մը իրագործեց (17-րդ, 69-րդ եւ 88-րդ), մինչ չորրորդ կոլը նշանակեց...

«Էն. Պի. Էյ.». Պաքս Հասաւ Արեւելեան Շրջանի Աւարտականին

Ուորիըրզ - Ռոքեթց` 3-2 «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան («փլէյ-օֆ») ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան կիսաւարտականի երկու ճակատումներ: Միլուոքի Պաքս հանդիսացաւ առաջին խումբը, որ ապահովեց աւարտականի իր տոմսը (արեւելեան շրջան), երբ 4-1 արդիւնքով գերազանցեց Պոսթըն Սելթիքսը` արձանագրելէ ետք 116-91 արդիւնքով յաղթանակ մը: Երկրին գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 3-2 արդիւնքով գերազանցեց Հիուսթըն Ռոքեթցը (արեւմտեան շրջան)` 104-99 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր մրցակիցը:...

Հենրիխ Մխիթարեանի Գործակատարը 3 Ամիսով Հեռացուեցաւ Ֆութպոլէն

Իտալացի անուանի գործակատար Մինօ Ռայոլա 3 ամիսով զրկուեցաւ ֆութպոլի գծով որեւէ տեսակի գործունէութեամբ զբաղելու կարելիութենէն: Այսպիսի որոշում տուաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը, յայտնեց իտալական «Լա Կազեթթա Տելլօ Սփոր» մարզական անուանի օրաթերթը: Անոր որակազրկումին պատճառը չի նշուիր: Անոր եղբայրը` Վինչենցօ, ֆութպոլէն հեռացուեցաւ 2 ամիսով: Երկու գործակատարները մինչեւ 9 օգոստոս չեն կրնար մասնակցիլ իտալական ակումբներու հետ բանակցութիւններու: Ինչպէս ծանօթ է, Ռայոլա կը համագործակցի...

Page 706 of 1279 1 … 705 706 707 … 1,279

Արխիւներ