Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

5 Տարուան Բացակայութենէ Մը Ետք. Շահան Սարգիսեան Վերադարձաւ Մրցումի Ինքնաշարժներու Աշխարհ

May 9, 2019
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանահայ փորձառու վարորդ Շահան Սարգիսեան 5 տարուան բացակայութենէ մը ետք վերադարձաւ մրցումի ինքնաշարժներու աշխարհ` իր մասնակցութիւնը բերելով «Ճի. Թի.-4»-ի Ֆրանսայի ախոյեանութեան:

Ան, իրեն օգնական ունենալով Ժիհատ Ապու Ժաուտէն, վարեց «Քէյ-Ուորքս Ճինեթթա Ճի. 55» ինքնաշարժը եւ մասնակցեցաւ Նակարոյի մէջ (Ֆրանսա) տեղի ունեցող «Էմ.» դասակարգի տարեշրջանի բացման մրցումին:

Ազատ փորձերու ընթացքին ան քիչ մը անբախտ դուրս եկաւ` իր ինքնաշարժին հետ կապուած որոշ թեքնիք խանգարումներու պատճառով (արգելակներու հետ կապուած):

Շուրջ 45 վայրկեան ան միայն փորձեց իր ինքնաշարժին ունեցած կարողութիւնը:

Այս պատճառով ալ ոչ արհեստավարժներու այս ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումին, ան ազատ փորձերուն գրաւեց վերջին դիրքը:

Սակայն «փոլ-փոզիշըն»-ի մրցումներուն ան յաջողեցաւ գրաւել 15-րդ դիրքը` 44 ինքնաշարժներու մէջ:

Ան ժամանման գիծ հասաւ գրաւելով 11-րդ դիրքը (վերոնշեալ դասակարգին մէջ), իսկ ընդհանուր դասաւորման մէջ` 31-րդ դիրքը:

Այս մրցումէն ետք Սարգիսեան ըսաւ. «Նախ ուրախ եմ, որ կը վերադառնամ մրցումի ինքնաշարժներու աշխարհ: Ուրախ եմ, որ ոչ արհեստավարժներու մրցումին գրաւեցի առաջին դիրքը, իսկ արհեստավարժներու մրցումին գրաւեցի 15-րդ դիրքը:

«Առաջին հանգրուանի այս մրցումին արձանագրած այս արդիւնքս կը նկատեմ շատ լաւ եւ կը յուսամ յաջորդող հանգրուաններուն շատ աւելի լաւ արդիւնքներու հասնիլ»:

Նշենք, որ Բ. հանգրուանի մրցումը տեղի կ՛ունենայ 17-19 մայիսին` Ֆրանսայի մէջ գտնուող Փօ հանրածանօթ փողոցներուն վրայ:

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Անիպալ Զահլէ Բարձրացաւ Ա. Դասակարգ

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Ազգային Խումբին Հետ Իր Վերջին Մրցումին` Մեսսի Յուզեց Բոլորը
Մարզական

Ազգային Խումբին Հետ Իր Վերջին Մրցումին` Մեսսի Յուզեց Բոլորը

October 9, 2026
Ըմբշամարտ. Եուրիկ Մխիթարեան Եւ Էրիկ Տէր Մաթեւոսեան  Շահեցան Ոսկի Մետալներ. Խաթիպ Պրոնզ Մետալ Շահեցաւ
Մարզական

Ըմբշամարտ. Եուրիկ Մխիթարեան Եւ Էրիկ Տէր Մաթեւոսեան Շահեցան Ոսկի Մետալներ. Խաթիպ Պրոնզ Մետալ Շահեցաւ

October 9, 2026
Ըմբշամարտ.  Հայաստանի Հաւաքականը Պատրաստ Է
Մարզական

Ըմբշամարտ. Հայաստանի Հաւաքականը Պատրաստ Է

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.