«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի կիսաւարտականին ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան երկու ճակատումներ:
Իրենց արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ, Թորոնթօ Ռեփթըրզ (արեւելեան շրջան) եւ Տենվըր Նակեթց (արեւմտեան շրջան) 3-2 արդիւնքով գերազանցեցին իրենց մրցակիցները:
Ռեփթըրզ իր յաղթանակը արձանագրեց Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզի դէմ (125-89), մինչ երկրորդ մրցումին Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 124-98 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Տենվըր Նակեթցէն: