Կազմակերպութեամբ «Ժապալ Մարաթոն» միութեան, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Մարաթոն Ժապալ»-ի վազքի մրցումը` հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, որուն ներկայացուցիչն էր Ռիշա Ապու Ալիուիա:
Մրցումին ազդանշանը տրուեցաւ Պաթերէն (Շուֆ)` մասնակցութեամբ հազարաւոր վազողներու, Շուֆի եւ Ժեզզինի շրջանէն, տարբեր դասակարգերու մէջ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:



