Գերմանական մամուլին համաձայն, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Արսենալի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան շատ հաւանաբար վերադառնայ «Պունտըսլիկա»:
Նշուեցաւ, որ ան վերադառնալով «Պունտըսլիկա» պիտի միանայ իր նախկին ակումբին, որուն հետ հանդէս եկած է` 2013-2016 ժամանակամիջոցին:
Մխիթարեանի գործակատարը դէմ չէ, որ ան վերադառնայ Գերմանիա:
Անձամբ Հենրիխ Մխիթարեան ոչ մէկ մեկնաբանութիւն կը կատարէ այս առնչութեամբ: